
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի Իսմայիլի շրջանին մէջ իշխանութիւններուն հրաժարականի պահանջով անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած ժողովրդական բողոքի ալիքը կը շարունակէ տարածուիլ: Վերջին քանի մը օրերուն, բողոքի զանգուածային ցոյցեր տեղի ունեցած են Պաքուի, Իմիշլիի, Կէօյճայի, Ապշերոնի եւ Թիւրքեանի մէջ:
Ցոյցերուն թիրախն են իշխանութիւններուն չափազանց կամայականութիւնները, ապօրինութիւնները, կեղեքումները, չարաշահումները, կաշառակերութեան եւ բանակին մէջ յաճախակի դարձած մահուան դէպքերը:
Ատրպէյճանական «Էյ.Էն.Էս.» կայանը հաղորդած է, թէ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է նաեւ Զաքաթալայի Ալիապատ գիւղին մէջ, որուն բնակիչները կը բողոքեն, որովհետեւ անցեալ տարուան երկրաշարժէն ծանր վնասներ կրած այդ շրջանին մէջ գործող շինարարական ընկերութեանց աշխատաւորները ամիսներէ ի վեր չեն ստանար իրենց աշխատավարձը:
Ատրպէյճանական «Kontakt.az» կայքը կը հաղորդէ, որ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է նաեւ մայրաքաղաք Պաքուէն 25 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Թիւրքիան գիւղին մէջ, որուն բնակիչները կը պահանջեն վերադարձնել Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազին կից գործող կաշառակերութեան դէմ պայքարի վարչութեան պետի տեղակալ Ալի Նակիեւի կողմէ բռնագրաւուած գիւղի հողատարածքները:
Քաղաքական վերլուծաբաններ Ատրպէյճանի մէջ «քաղաքական թէժ գարուն» կը նախատեսեն: