
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն մէջ իրավիճակը նախորդ տարուան ընթացքին, ընդհանուր առմամբ, կայուն եղած է: Այս հաստատումը կատարած է ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան, Ասթանա-Երեւան-Քիեւ-Մինսկ տեսակամուրջին ընթացքին. ան նշած է, որ այդ կայունութիւնը առիթ տուած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու ընկերային եւ տնտեսական հարցերուն։
Պորտիւժան դիտել տուած է, որ ՀԱՊԿի ներուժը պատրաստ է լիարժէք կերպով գործելու սահմաններու պաշտպանութեան եւ երկրի անվտանգութեան ապահովման հարցերուն մէջ: «Բոլոր անդամ պետութիւններուն հետ մշակած ենք ընդհանուր մօտեցումներ, արդիւնաւէտ աշխատանքներ տարուած են ռազմական եւ ռազմա-արհեստագիտական համագործակցութեան առնչութեամբ, ստորագրուած են քանի մը համաձայնագիրներ», նշած է ան: ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարը տեղեկացուցած է նաեւ, որ այս տարի քայլեր պիտի առնուին՝ թմրամիջոցներու եւ մարդոց վաճառքի դէմ պայքարի ծիրին մէջ, ու պիտի գործադրուին կարգ մը ծրագիրներ։
Անդրադառնալով ՀԱՊԿի հիմնարկի ստեղծման գաղափարին՝ Պորտիւժան յայտնած է, որ ՀԱՊԿի առաջին ակադեմիան պիտի ստեղծուի Հայաստանի տարածքին. անիկա պիտի զբաղի վերլուծական աշխատանքներով, մարդուժի պատրաստութեամբ, ինչպէս նաեւ կառոյցի մասին տեղեկութիւններ տարածելով:
Հայ-թրքական սահմանի բացման առնչութեամբ ՀԱՊԿի հաւանական աջակցութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ Պորտիւժան նշած է, որ այդ հարցը կը վերաբերի երկկողմանի յարաբերութիւններուն, եւ ՀԱՊԿը նման նուրբ հարցերու չի միջամտեր։