
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ատրպէյճանցի զինուորի մը կողմէ կացինով սպաննուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան, ինչպէս նաեւ Սումկայիթի ջարդերուն 25րդ տարելիցին առիթով, Երեքշաբթի, Փետրուար 19ին բողոք-ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ, կազմակերպութեամբ Միացեալ հայ երիտասարդներ կազմակերպութեան:
Ցոյցը պիտի սկսի կ.ե. ժամը 3ին եւ յատկանշական է այն, որ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանը կը գտնուի նոյն շէնքին մէջ, ուր հաստատուած է մարդասպան Սաֆարովը Ատրպէյճանին յանձնած Հունգարիոյ հիւպատոսարանը:
Ցոյցը կազմակերպողները Կլենտէյլէն դէպի ցոյցի վայր փոխադրութեան կարգադութիւններ տեսած են, սակայն՝ սահմանափակ թիւով. այդ իսկ պատճառով, կը խնդրուի Կլենտէյլի ցոյցին մեկնողներէն, որ ամենաուշը կ.ե. ժամը 1:30ին ներկայ ըլլան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը: Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 500 S. Central Ave., Glendale, CA 91204, իսկ հիւպատոսարանինը՝ 11766 Wilshire Boulevard, Los Angeles, CA 90025: