ԳԻՒՄՐԻ.- «Փարոս» բարեսիրական կազմակերպութիւնը, Նիւ Եորք հաստատուած «Տատուրեան» հիմնարկի հովանաւորութեամբ, Գիւմրիի մէջ յաջողութեամբ պսակած է քաղաքի կարիքաւորներուն համար ջերմացման ծրագիրը:
Նկատի ունենալով Հայաստանի երկրորդ ամենամեծ քաղաքի սաստիկ ցուրտը եւ այն իրողութիւնը, որ երկրաշարժէն ետք այնտեղի բազմաթիւ ընտանիքներ կը շարունակեն ապրիլ անյարմար բնակարաններու մէջ՝ բնակարաններու ջերմացումը, ինչպէս նաեւ ուտեստեղէնի պատրաստութեան համար հարկաւոր պայմաններու ստեղծումը կենսական նշանակութիւն ունի: Այս պատճառով, «Փարոս»ի կամաւորները այցելած են կարիքաւոր ընտանիքներու՝ ջերմացումի համար փայտ, ինչպէս նաեւ երեխաներու համար հագուստներ ու կօշիկներ տրամադրելով: 350 երեխաներ ստացած են ձմեռնային կօշիկներ, 160 երեխաներ՝ ձմեռնային վերարկուներ, իսկ 60 ընտանիքներ՝ փայտի բաւարար պահեստ:
Այս նախաձեռնութեան նպաստած է նաեւ «Շիրակի կեդրոն» ոչ կառավարական մարդասիրական կազմակերպութիւնը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.paros-foundation.org/paros100 կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.