ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը Չորեքշաբթի, Փետրուար 13 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ իր գործիչները հաստատած են, որ Փետրուար 26ի քաղաքային նախնական ընտրութիւններու քուէաթղթիկները արդէն իսկ հասած են բնակարանները՝ դարձեալ կոչ ընելով քաղաքացիներուն, որ կարելի եղածին չափ շուտ ամբողջացնեն զանոնք ու վերադարձնեն քաղաքի իշխանութեանց:
Այս նպատակով, անցեալ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն ընթացքին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբէն կամաւոր գործիչներ, հեռաձայններով կամ տուներ այցելելով՝ շրջանի հայութեան շեշտած են սոյն ընտրութիւններուն մասնակցելու կարեւորութիւնը:
«Պըրպենքի նամակաբաշխման հինգ շրջաններուն մէջ երեքական անձերու պարտականութիւն տրուած է հետեւելու քուէաթղթիկներու ժամանումին, որպէսզի, ըստ այնմ՝ սկսիննք մեր քարոզարշաւին», կը յայտնէ այս աշխատանքի պատասխանատու Յակոբ Հերկէլեանը:
«Կը յուսանք հայ քուէարկողներու թիւի նոր մրցանիշ մը հաստատել Պըրպենքի այս տարուան ընտրութեանց ընթացքին: Հաճեցէք քուէարկել եւ կանուխ քուէարկել, այդ միջոցաւ՝ ձեր ձայնը լսելի դարձնելով», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ընտրական ու քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կայծակ Շահպազեանը:
Տասնամեակէ ի վեր քաղաքը որդեգրած է միայն նամակատան միջոցաւ քուէարկութեան դրութիւնը: Ամբողջացուած բոլոր քուէաթղթիկները պէտք է քաղաքի քարտուղարին գրասենեակը հասանին մինչեւ Փետրուար 26, երեկոյեան ժամը 7, այլապէս՝ քուէները նկատի չեն առնուիր: Նամակատան կողմէ «Փետրուար 26» թուականով կնիք մը բաւարար չէ քուէաթղթիկը ի զօրու դարձնելու համար:
Քուէարկելը դիւրին է: Պարզապէս պէտք է սեւցնել այն կլորակները, որոնք կը գտնուին Հայ Դատի զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուի անուան կողքին: Ապա, ամբողջացուած քուէաթղթիկները պէտք է պահարանին մէջ զետեղել, ստորագրել պահարանը եւ նամակատան յանձնել: Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, պահարաններու դրոշմաթուղթերուն գինը վճարուած է եւ քուէարկողները պէտք չունին դրոշմաթուղթ դնելու պահարանին վրայ:
Իբրեւ յիշեցում, Պըրենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը զօրակցի հետեւեալ թեկնածուներուն.
– Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց պարագային՝ Պապ Ֆրութոսի, Տէյվիտ Կորտընի եւ Ճես Թալամանթեսի.
– Պըրպենքի կրթական հարցերու վարչութեան ընտրութեանց՝ Արմոնտ Աղախանեանի եւ Լերի Էփըլպաումի.
– Քաղաքի քարտուղարի պաշտօնին համար՝ Զիզեթ Մալինզի:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կը կանգնի նաեւ «S» առաջադրութեան:
Եթէ Պըրպենքի որեւէ քաղաքացի տակաւին չէ ստացած իր քուէաթղթիկը, պէտք է դիմէ քաղաքի քարտուղարի գրասենեակը՝ (818) 238-5851 թիւով, իսկ հարցեր դիմագրաւելու պարագային կամ ընտրութեան մասին որեւէ այլ հարցումի համար, դիմել Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ (818) 562-1918 թիւով կամ Info@ancaburbank.org հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.