
Իտալիոյ Ռիէթի նահանգի քաղաքներէն Քասթել Անճելոյի քաղաքապետարանը Շաբաթ, 2 Փետրուարին պաշտօնական յայտարարութեամբ եւ մամլոյ ասուլիսով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին զանազան անձնաւորութիւններ, խօսք արտասանելով, իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ վերաբերմունքին նկատմամբ:
Քասթել Անճելոյի քաղաքապետ Փաօլօ Անիպալտի իր խօսքին մէջ ընդգծած է հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը եւ իր ինքնութիւնը հպարտօրէն պահելու իրողութիւնը:
Հայ համայնքին կողմէ խօսք արտասանած է Ռուբէն Աթարեան: Ան ներկայացուցած է Ցեղասպանութեան զանազան հանգրուանները: Ան իր խօսքի աւարտին կարդացած է նամակ մը՝ յղուած Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանին կողմէ, որ Հայաստան մեկնելուն պատճառով ներկայ չէր կրցած գտնուիլ ձեռնարկին: