Ուրբաթ, Փետրուար 8ի երեկոյեան, Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հօտի ազնիւ ներկայացուցիչները հաւաքուած էին Հերի եւ Ալվարդ Բարսեղեաններուն շքեղ բնակարանը՝ նշելու համար Մայր եկեղեցւոյ 35 ամեակը:
Հաւաքը կատարուած էր Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ, ու անոր բոլոր մանրամասնութիւնները կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քահանայի առաջնորդութեամբ եւ յատուկ այս աշխատանքին համար հրաւիրուած յանձնախումբին ջանքերով:
Ներկաները հաւաքուեցան ընկերային ջերմ մթնոլորտի մը մէջ: Ընթրիքէն առաջ անոնք միասնաբար զրուցելով, եւ յատուկ թեմաներ արծարծելով, մտերմիկ պահեր ապրեցան: Միաժամանակ, անոնք հաճոյքով մտիկ կ՛ընէին դաշնակի վրայ Լեւոն Աբրահամեանի հմուտ մատներուն շնորհիւ մատուցուած երաժշտութիւնը:
Պաշտօնական բաժինը սկսաւ ընթրիքի շքեղ սեղաններուն շուրջ: Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլէան ողջոյնի ու շնորհակալական խօսքերով պաշտօնական բաժինի բացումը կատարեց: Ան խորին շնորհակալութեամբ դիմեց նախ տանտէրերուն եւ ապա բոլոր ներկաներուն ու նուիրատուներուն ինչպէս նաեւ կամքէ անկախ պատճառներով խրախճանքէն բացակայող եկեղեցւոյ օծման կնքահայր՝ տէր եւ տիկ. Վահէ Կարապետեաններուն ու գնահատեց Հոլիվուտի հայ գաղութը իր աննկուն կամքին, անսասան հաւատքին ու եկեղեցւոյ եւ անոր ազգային կրօնական սուրբ առաքելութեան նկատմամբ ունեցած վստահութեան համար:
Տէր Վիգէնը բեմ հրաւիրեց Թամար Թիւֆէնկճեանը, ներկայացնելու համար եկեղեցւոյ պատմականը: Ան մանրամասնօրէն պատմական իրողութիւնները փոխանցելով, նաեւ բացատրեց ու ներկայացուց եկեղեցւոյ գոյութլան ու կատարած աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը, հայ սերունդ դաստիարակելու ծանր աշխատանքին համար՝ մարդակուլ ու ամենակուլ այս ափերուն վրայ:
Ապա տեղի ունեցաւ ընթրիքի հիւրասիրութիւն եւ Մերուժան Մարգարեանի ջութակի երաժշտութեան ունկնդրութիւն:
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հայրը, տալու համար իր պատգամը եւ օրհնութիւնը: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպութեան եւ Հոլիվուտի հայ գաղութի կայտառութեան հանդէպ: Ան խորապէս գնահատեց բոլոր ծառայողները ու սպասարկուները եւ վստահեցուց, թէ ներկաներուն մեծամասնութիւնը եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրէն ի վեր հաւատարմօրէն կը ծառայեն ու մինչեւ այսօր իրենց ներկայութեամբ եւ աջակցութեամբ շունչ ու աւիւն կը փոխանցեն եկեղեցւոյ քարաշէն կառոյցին եւ հոգեւոր իրականութեան: Ան նաեւ բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի տարած ջանքերը թէ՛ 35 ամեակի ձեռնարկի յաջողութեան եւ թէ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքի աշխուժացման համար:
Ապա, բոլոր ներկաները իրենց յուշանուէրները ստացան եւ գոհունակութեամբ հեռացան Բարսեղեաններուն հիւրընկալ ու հայաբոյր օճախէն, անգամ մը եւս հաւաստիացնելով, որ արդարօրէն պիտի շարունակեն ծառայել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ միշտ վառ պիտի պահեն անոր հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքը եւ հաւատարմութիւնը:
—————————————————————————————-
ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՑԱՆԿ
ՏԻԿ. ՍԻԼՎԱ ՉԱՔՄԱՔՃԵԱՆ $7500
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՎԱՀԷ ԵՒ ՎԵՐՈՆԻՔ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ $5000
ՏԻԿ. ՃԵՍԻՔԱ ՎԱՐԴՈՒԿԵԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ $5000
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՀԱՅԿ ԵՒ ՃԻԼՏԱ ԹԱԳՈՐԵԱՆ $5000
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԿԱՅԾԱԿ ԵՒ ԱՆԱՀԻՏ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ $5000
ՏԻԱՐ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ $3000
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՅԱԿՈԲ ԵՒ ՀԱՅԿՈՒՀԻ ԴԱՂԼԵԱՆ $3000
ՀՕՄ-Ի «ՄԱՅՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ $3000
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԿԱՅԾԱԿ ԵՒ ԾՈՎԻԿ ԶԷՅԹԼԵԱՆ $3000
MR. & MRS. MICKEY AND LEE SEGAL $2500
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՊԵՐՃ ԵՒ ԱՆԱՀԻՏ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ $1895
$1000Ի ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐ
Տէր ԵՒ ՏԻԿ. ՀԵՐԻ ԵՒ ԱԼՎԱՐԴ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԵՒ ԱՐՄԻՆԷ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ $1000
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԵՒ ԱՐՄԻՆԷ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ $1000
(Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԱՐՓԻ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ-ՍԵՓԵԹՃԵԱՆԻ)
«ՐԱՖՖԻ» ՌՈՒՄԱՆԱՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՏԻԳՐԱՆ ԵՒ ՄԱԿԻ ՍԱՐԳՈՒՆԻ
ՏԱՐՕՆ ՏՈՒՐՈՒԲԵՐԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՏՈՔԹ. ԵՒ ՏԻԿ. ՆԱՒԱՍԱՐԴ ԵՒ ՄԱՐԱԼ ԳԱԶԱԶԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԺԱՆՕ ԵՒ ԷԼՕ ԹԻԹԻԶԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԳՕԳՕ ԵՒ ՄԱԿՏԱ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԶԱՐԵՀ ԵՒ ԱՅՏԱ ՆԱՐԿԻԶԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՅԱՐՈՒԹ ԵՒ ՎԻՔԻ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՍՈՒՐԷՆ ԵՒ ԹԱՄԱՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԱԲՕ ԵՒ ՆՈՐԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՎԱՀԷ ԵՒ ՍԻԼՎԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
ՏՈՔԹ. ԵՒ ՏԻԿ. ԿԱՐԷՆ ԵՒ ԷՄՄԱ ԳԱՐԱՄԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՏԱՃԱՏ ԵՒ ՀՌԻՓ ԵՐԷՑԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԿԱՐՕ ԵՒ ԲԵԿԻ ԴԱՂԼԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՀՐԱՉ ԵՒ ԼԱՐԱ ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԳԱԼՈՒՍՏ ԵՒ ԱՆԻ ԱԿՈԲԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՄԱՏԼԷՆ ԱՇՃԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԿԱՐՕ ԵՒ ՍՕՍԻ ԷՇԿԻԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՄԱՐԻՆԷ ԹԱԹԱՐԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԿԱՐՕ ԵՒ ՄԻՇԷԼ ԻՍԲԷՆՃԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՍԵՊՈՒՀ ԵՒ ԼԻՍԱ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՄԱՅՔԼ ԵՒ ՊԵԹԻ ՊԱԼԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՄԱՅՔԼ ԵՒ ԼԱՐԱ ՉԱՔՄԱՔՃԵԱՆ
ՏԻԿ. ՏԱՅԱՆԱ ԱՐԹՈՒՆԵԱՆ
ՏՈՔԹ. ԵՒ ՏԻԿ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՒ ՄԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԶԱՔԱՐԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՆԱԶԱՐԷԹ ԵՒ ԱՆԱՀԻՏ ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԿԱՐՕ ԵՒ ՄԵՐԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԶՈՀՐԱՊ ԵՒ ԳԱՐՄԷՆ ԵԱՐԱԼԵԱՆ
ՏՈՔԹ. ԵՒ ՏԻԿ. ՄԻՍԱՔ ԵՒ ՀՈՒՐԻԿ ԱՊՏԻՒԼԵԱՆ
ՏԻԱՐ ՅԱԿՈԲ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ ԵՒ ՏՈՔԹ. ՍԵԴԱ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՏԻԱՐ ԷՏՈՒԸՐՏ ՊԱԼԵԱՆ
ՏԻԱՐ ՄԱՍԻՍ ԵՒ ՏՈՔԹ. ԼԻԶԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՎԻՔԹԸՐ ԵՒ ԱՅՏԱ ԱՃԷՄԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՎԻԳԷՆ ԵՒ ՎԱՐԴՈՒԿ ԹԱՒՈՒԳՃԵԱՆ
ՏԻԿ. ՎԵՐՈՆԱ ՈՒՐՖԱԼԻ
)Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՏՈՔԹ. ՃԷՅՔԸՊ ՈՒՐՖԱԼԻԻ(
ՏՈՔԹ. ԵՒ ՏԻԿ. ՇԱՀԷ ԵՒ ԷԼԵՆԱ ՈՒՐՖԱԼԻ
ՏԻԱՐ ԺԻՐԱՅՐ ՔԻԼԱՃԵԱՆ
ՏԻԱՐ ՍԱՀԱԿ ՄԷԼԷԼԵԱՆ
$500Ի ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐ
ՏՈՔԹ. ԵՒ ՏԻԿ. ԿՐԵԿ ԵՒ ԻԶԱՊԷԼ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՀԱՅԿ ԵՒ ՇՈՒՇԻԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՍԻՄՈՆ ԵՒ ԱՐՇՕ ՍԻՄԻԹԵԱՆ
ՏԻԱՐ ԿԱՐՕ ԱՒԱԳԵԱՆ )SIDON TRAVEL)
ՅԱՏՈՒԿ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ՝
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՀԵՐԻ ԵՒ ԱԼՎԱՐԴ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆՆԵՐՈՒՆ
ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
SARKIS PASTRY-ԻՆ
ԿԱՐԿԱՆԴԱԿ
TIK-TOCK COUTURE FLORALS-ԻՆ
ՍԵՂԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՐԴԱՐՈՒՄ
ՄԵՐՈՒԺԱՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻՆ՝
ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ՝ æՈՒԹԱԿ
ՓՐՈՔ. ԼԵՒՈՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻՆ՝
ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԱՇՆԱՄՈՒՐ
ՇԱՀԷ ՄԵԼԷԼԵԱՆԻՆ՝
ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒՄ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ
ՄԱՏԼԷՆ ԱՇՃԵԱՆ
ԹԱՄԱՐ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
ՊԵԹԻ ՊԱԼԵԱՆ
ՄԱՐԻՆԷ ԹԱԹԱՐԵԱՆ
ՍՕՍԻ ԷՇԿԻԵԱՆ
ՀՐԱՉ ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ