
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստան եւ Արցախ այցելողներու համար ուղեցոյցներ հրատարակած հեղինակ-լուսանկարիչ Մեթիու Քարանեանի ու լուսանկարիչ Ռապըրթ Քիւրքճեանի նորագոյն հրատարակութիւնը՝ «The Stone Garden Travel Guide: Armenia and Karabakh», Հինգշաբթի, Փետրուար 21ին, երեկոյեան ժամը 7ին պիտի ներկայացուի Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ (346 N. Central Ave., Glendale, CA, 91203):
320 էջնոց հատորը, որ պատրաստուած է նորագոյն տեղեկութիւններու հիման վրայ, ունի 27 գունաւոր քարտէսներ եւ աւելի քան 140 լուսանկարներ: Հատորին մէջ նաեւ առաջին անգամ ըլլալով լոյս պիտի տեսնէ Հայկական Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք պատրաստուած պատմական քարտէս մը: Այս հատորով հեղինակները շեշտը կը դնեն Հայաստանի կենսոլորտի պաշտպանութեան աշխատանքներուն վրայ:
Մեթիու Քարանեան եւ Ռապըրթ Քիւրքճեան տասական տարի ապրած են Հայաստան՝ այս հատորներուն համար նիւթերու հարուստ պաշար մը ապահովելով: Երկուքն ալ առաջին անգամ Հայաստան այելցած են 1995ին, իբրեւ դասախօսներ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի: Քարանեան մասնագիտութէամբ իրաւաբան է, իսկ Քիւրքճեան՝ կենսոլորտային հարցերու գիտնական: Անոնց ճամբորդական գրութիւններն ու լուսանկարները լոյս տեսած են ամերիկեան, գանատական եւ եւրոպական զանազան թերթերու մէջ:
Նոր հատորը «Amazon.com» կայքէն տրամադրելի է, զայն կարելի է ապսպրել նաեւ 25 տոլար ղրկելով հետեւէալ հասցէին՝ Stone Garden Productions, PO Box 7758; Northridge, CA 91327: Յաւելեալ տեղեկութեան համար դիմել
info@www.ArmeniaTravelGuide.com կայքին:
Տեղեր ապահովելու համար դիմել info@armeniaconsultela.org հասցէին: