
ԵՐԵՒԱՆ.- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան անդրադարձաւ անցեալ Ուրբաթ օր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կողմէ ընտրողներուն ուղղուած կոչին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «երբ կոչին մէջ կը նշէք, որ ընտրութիւններուն ելքը կանխորոշուած է, կը կարծէ՞ք, թէ յառաջիկայ ընտրութիւնները պիտի կեղծուին», Ա. Վարդանեան ըսաւ. «Վերջին 15-20 տարիներուն ընթացքին ընտրութիւններու մեքանիզմը այնպէս կատարելագործուած է, որ ակնյայտօրէն ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ հսկայական դեր կ՛ունենան իշխանական, պետական, վարչական եւ նիւթական միջոցները: Խորհրդարանական ընտրութիւնները ատոր փայլուն կատարելագործուած ապացոյցն են: Մենք տեսած ենք, որ բուն ընտրութիւններու օրը տեղամասերուն մէջ կարծես թէ մեծ ծաւալի ընտրակեղծիքներ չեն ըլլար: Երբ մենք կ՛ըսենք, որ կանխորոշուած են, մենք նկատի ունինք, որ այս ընտրութիւնները մրցակցային չեն, այս ընտրութիւններով որեւէ բան կարելի չէ փոխել այս երկրին մէջ եւ արդիւնքներն ալ ակնյայտօրէն կանխորոշուած են: Ատիկա մենք ըսած ենք տակաւին Դեկտեմբերին՝ մեր խորհրդակցութիւններէն ետք»:
Անդրադառնալով Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութեան, թէ ո՞վ արգիլած է հիմնական քաղաքական ուժերուն մասնակցիլ ընտրութիւններուն, Վարդանեան ըսաւ. «Որեւէ երկրի մէջ իշխանութիւնը իր կարելիութիւնները, միջոցները կ՛օգտագործէ: Հայաստանի պարագային, դժբախտաբար, այդ միջոցներուն օգտագործումը դարձած է անսահմանափակ, համատարած, վերէն վար: Մասնակցելով մենք որեւէ բան պիտի չփոխէինք, մեր մասնակցութեամբ այս ժողովուրդը, այս պետութիւնը որեւէ բան պիտի չշահէր: Ընդհակառակն՝ ինչ որ առումով մենք մասնակցելով պիտի օրինականացնէինք այս ընտրութիւնները»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը պատրաստուի ընել ՀՅ Դաշնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններէն ետք, հաւանակա՞ն է, որ յաջորդ համապետական ընտրութիւններուն դարձեալ չմասնակցի, Վարդանեան պատասխանեց. «Այս ընտրութիւնները մեր պետութեան պարագային սահմանագիծ էին, եւ այս ընտրութիւններէն ետք հայաստանեան քաղաքական դաշտը արմատական վերափոխումներու պիտի ենթարկուի: Մեր խնդիրը պիտի ըլլայ այդ նոր ձեւաւորուելիք դաշտին մէջ իբրեւ առանցքային ընդդիմադիր ուժ աշխատիլ մեր հասարակութեան, տարբեր քաղաքական ուժերու հետ եւ ձեւաւորել այն ընդդիմադիր ուժը, որ պիտի կարենայ ժողովուրդին մէջ վստահութիւն վերադարձնել ընտրութիւններուն, երկրի ապագային նկատմամբ»:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչը ընդգծեց. «Քաղաքական վերափոխումներու մասին կը խօսին բոլոր կուսակցութիւնները. ի՞նչ պիտի ըլլայ Բարգաւաճ Հայաստանի հետ, ո՞ր ուղղութեամբ պիտի երթայ, ասոնք հարցականներ են: Ին՞չ պիտի ըլլայ Հայ ազգային քոնկրեսի հետ, այստեղ եւս բազմաթիւ տարբերակներ կան. նոր կուսակցութիւն, Նիկոլ Փաշինեանը՝ առանձին, միւս կուսակցութիւնները առանձին, այստեղ եւս բացեր կան: Կայ արդէն յայտարարութիւններու կամ գործնական քայլերու մակարդակով, որ փորձ պիտի ըլլայ որոշ կուսակցութիւններ, որոշ գործիչներ միաւորելու մէկ ուժի շուրջ՝ պայմանական եւրոպական արժէքներու շուրջ. խօսքը Հանրապետութիւն կուսակցութեան, Դաւիթ Շահնազարեանի, Հրանդ Բագրատեանի մասին է, չի բացառուիր նաեւ (ասոնք ենթադրութիւններ են) Ազատ դեմոկրատները եւ այլն: Ակնյայտ է, որ իշխանութիւնը եւս միատարր, միաբեւեռ չէ, մենք վստահ ենք, որ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան նաեւ իշխանութեան մէջ, չի բացառուիր նոր մտածողութեան, նոր ուժերու ի յայտ գալը: Ատոր նախադրեալները այսօր եւս ակնյայտ են: Ակնյայտ է նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան աշխուժացումը եւ այստեղ եւս բացառուած չէ, որ որոշ վերափոխումներ պիտի ըլլան, որոշ նախաձեռնութիւններ պիտի փորձեն քաղաքական դաշտ տեղափոխուիլ: Այնպէս որ, մեր առջեւ լրիւ նոր դաշտ պիտի ձեւաւորուի, եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պիտի փորձէ այդ դաշտին մէջ ունենալ իր վճռական, առանցքային, ընդդիմադիր դերակատարութիւնը»:
Միւս կողմէ, Աղուան Վարդանեան Փետրուար 19ին յայտարարեց, թէ նախագահական ընտրութիւններու վերաբերեալ Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի դիրքորոշման, կոչերուն եւ քաղաքական ներկայ իրավիճակին մասին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը կարծիքը պիտի բացայայտէ հաւանաբար Փետրուար 20ին: «Իրավիճակը այժմ կը քննարկուի է, եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, վաղը ըսելիք կ՛ունենանք, կ՛ըսենք», ըսաւ ան: