ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի մօտ հարիւր կողմնակիցներ 19 Փետրուարի երեկոյեան «Չծնուած ժողովրդավարութեան վախճանը» խորհրդանշող բողոքի ցոյց կատարած են Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի շէնքին առջեւ։ Անոնք նշած են, որ կը բողոքեն «ընտրութիւնների արդիւնքների զանգուածային կեղծումների դէմ, որոնց արդիւնքում ԿԸՅն յաղթող ճանաչեց Սերժ Սարգսեանին»: Գործիչները, հակառակ ոստիկանութեան արգելքին, ծաղկեպսակ զետեղած են ԿԸՅի շէնքին դիմաց՝ ի նշան ժողովրդավարութեան թաղման: Անոնց համաձայն, մէկ օր առաջուան ընտրութիւններուն ընթացքին «խաբէութիւնների, ծեծկռտունքի, ընտրակեղծիքների պատճառով Փետրուարի 19 համարւում է Մեռելոցի օր»:
Անոնք բացագանչած են՝ «Րաֆֆի՝ նախագահ. Սերժիկ՝ հեռացիր»: Ցոյցին մասնակցող, Րաֆֆի Յովհաննէսեանի նախընտրական ղեկավարման մարմինի մամլոյ քարտուղար Յովսէփ Խուրշուդեանը նշած է, որ բողոքի ցոյցը ինքնաբուխ է, իսկ քաղաքացիներուն վրդովմունքը՝ արդարացի: Ժամը 19ին Ժառանգութիւն կուսակցութեան քարտուղար Ստեփան Սաֆարեանը կոչ ուղղած է ցուցարարներուն ցրուիլ եւ հաւաքին յաջորդ օրը՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.