ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ լիբանանցի քաղաքական գործիչներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսած է. «Վստահ ենք, որ պիտի յաղթենք. այդ ուղղութեամբ մեզ կը համոզէ երկրի քաղաքական եւ զինուորական իրավիճակի զարգացումը»:
Սակայն, «ատիկա չի նշանակեր, որ ամէն ինչ որոշուած է: Մենք տակաւին շատ ընելիք ունինք թէ՛ քաղաքական առումով, թէ՛ ծայրայեղական խմբաւորումներու դէմ պատերազմի դաշտին վրայ», աւելցուցած է Ասատ:
Ըստ Ասատի՝ անոնք, որոնք հաւատարիմ են ներկայ իշխանութիւններուն, «կը կազմեն սուրիացիներու բացարձակ մեծամասնութիւնը»: «Հակառակ պարագային, ինչպէ՞ս պիտի բացատրէիք այն, թէ սուրիական դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչները ամբողջ աշխարհին մէջ հաւատարիմ մնացած են, հակառակ անոր, որ մեր դեսպաններուն, հիւպատոսներուն միլիոնաւոր տոլարներ առաջարկուած են: Ատիկա կ՛ապացուցէ, թէ որքա՛ն ուժեղ է սուրիական հայրենասիրութիւնը», ընդգծած է Ասատ:
Իր կարգին, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մոազ Խաթիպ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ եթէ Ասատ իշխանութենէն հեռանայ եւ «երկրի վերակազմաւորման համար բոլոր լիազօրութիւնները տայ ներկայ կառավարութեան, կրնայ երկիրի հարցերուն մեծ մասը լուծել»: Ան հերքեց, թէ կառավարական որեւէ կողմի հետ ուղղակի կամ անուղղակի կապեր հաստատուած են: Խաթիպ նշեց նաեւ, թէ պահանջուածը Ասատի հեռացումն է, սակայն հեռացման ձեւը կարգաւորման կարիք ունի:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, անդրադառնալով Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի այն առաջարկին, թէ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ հանդիպումը կարելի է իրականացնել ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ՝ յայտնեց, որ Թուրքիա միշտ աջակցած է Իպրահիմիի ջանքերուն: Ան շեշտեց, որ Թուրքիա միշտ «առանց զէնքերու լուծումի մը կողմ եղած է»՝ աւելցնելով, որ «ներկայիս այդպիսի լուծումի մը մօտ ենք»:
Իպրահիմի յայտնած էր նախապէս, թէ տեղեակ չէ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահին ներկայացուցած ծրագիրէն՝ վստահեցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին շուրջ իր առաջադրած նախաձեռնութիւնը տակաւին սեղանի վրայ է եւ աւելցնելով, որ «Դամասկոս սուրիական տագնապի խաղաղ լուծում մը գտնելու փափաք եւ երկխօսութիւն կատարելու պատրաստակամութիւն յայտնած է»:
Մինչ այդ, ՄԱԿի մարդկային իրաւանց բռնաբարումներու հետաքննութեան յանձնախումբի զեկուցումը նշեց. «Սուրիոյ դրացի երկիրները կը շարունակեն աշխուժօրէն զինել սուրիական ընդդիմութիւնը, ինչ որ աւելի ազդու կը դարձնէ զայն սուրիական ուժերուն դէմ պատերազմին մէջ»: Յանձնախումբը առաջարկեց «Սուրիոյ մէջ զէնքերու տարածումն ու ներածումը կրճատել եւ այս հարցը լուծել այդ զէնքերը արտածող աղբիւրներուն հետ»՝ աւելցնելով, որ օտարներու աջակցութիւնը ոչ միայն սալաֆական խմբաւորումներու ամրապնդման կ՛առաջնորդէ, այլ նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ այլ խմբաւորումներ անոնց միանան:
«Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ՄԱԿը նշած է, թէ «սուրիական ընդդիմութեան արձակազէնները քաղաքայիններու շարքերուն մէջ մեծաթիւ զոհեր կը պատճառեն»՝ աւելցնելով, որ «սուրիական վարչակարգի ուժերը հաւաքական սպանդ եւ քաղաքներու ռմբակոծում կը կատարեն՝ սարսափ տարածելու համար»: ՄԱԿ յայտարարած է, թէ ճշդած է Սուրիոյ մէջ ղեկավար դիրքի վրայ գտնուող անհատներ, որոնք պատերազմական ոճիրներու պատասխանատու են՝ աւելցնելով, որ ՄԱԿի հետաքննիչները «Ապահովութեան խորհուրդէն կը պահանջեն Սուրիոյ մէջ հաշուետուութեան սկզբունքը կ՛իրարկել»:
Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամմետ Ժիհատ Լահհամ շեշտեց, որ ազգային երկխօսութիւնը Սուրիոյ տագնապի լուծման համար քաղաքական ծրագիրին հիմքն է: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ բոլոր զաւակները հրաւիրուած են ահաբեկչութեան դէմ կանգնելու:
Մինչ այդ, ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ռէյմընտ Օտիրնօ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին միջամտելու ծրագիրները պատրաստ են, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա սուրիական տագնապին համար դիւանագիտական լուծում մը կ՛ուզէ:
Նաեւ, ՄԱԿի գաղթականներու բարձրագոյն խորհուրդը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած սուրիացի գաղթականներուն թիւը բարձրանալով՝ հասած է 283,000ի:
Վերջապէս, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Երկուշաբթի օր Հալէպի գիտական հետազօտութեանց կեդրոնին մէջ, սուրիական բանակի մէկ գործողութեան ընթացքին, թուրք սպաներ եւ շարք մը զինեալներ սպաննուած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.