ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան շարունակեց քննադատել Եւրոպական Միութիւնը, որովհետեւ անիկա արտօնութիւն կու տայ Քրտական բանուորական կուսակցութեան՝ գործելու Եւրոմիութեան տարածքին:
«Եւրոպական Միութիւնը, որ մեզ ամէն մարզի մէջ կը քննադատէ, պէտք է ահաբեկչութեան հետ իր յարաբերութիւնները լուսարձակի տակ առնէ», ըսաւ ան՝ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի ժողովին ընթացքին:
«Եւրոպական Միութեան եւ ահաբեկիչներուն միջեւ այս սէրը ի՞նչ է: Ասիկա որքա՞ն երկար պիտի տեւէ», հարց տուաւ ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.