ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Անցեալ Ուրբաթ, Փետրուար 15ին, ռուսական եւ ղազախական հինգ շրջաններու մէջ ինկած երկնաքարային անձրեւին պատճառով արձանագրուած վիրաւորներուն թիւը բարձրացած է 1500ի: Կը հաղորդուի, որ դէպքի գլխաւոր վայրին՝ ռուսական Չելիապինսք նահանգին մէջ, շողարձակումի մակարդակը տակաւին բնական է, իսկ տնտեսական եւ ուժանիւթի կառոյցները բնական կերպով կը գործեն:
Ամերիկացի փորձագէտներու համաձայն՝ երկնաքարը նախապէս հաղորդուածէն աւելի մեծ է: Ըստ անոնց՝ երկնաքարի տրամագիծը 17 մեթր է եւ ոչ թէ 15, իսկ կշիռքը՝ 10 հազար թոն: Աւելի՛ն, անոր պայթումի ուժը 30էն 500 մեկաթոնի բարձրացած է. այլ խօսքով՝ անիկա Հիրոշիմայի հիւլէական պայթումէն աւելի ուժեղ եղած է:
«Վեսթի» հաղորդեց, որ Չելիապինսք քաղաքէն բացի, դէպի Երկիր ինկած են երկու այլ երկնաքարեր: Անոնցմէ մէկը անցած է Քուպայի վրայէն եւ պայթած օդին մէջ՝ առանց վիրաւորներ կամ նիւթական վնասներ պատճառելու: Իսկ մէկ այլ հուրէ գունդ մը նկարուած է Քալիֆորնիոյ մէջ:
Ռուսիոյ պարագային՝ երկնաքարի պայթումը, շատ հաւանաբար, մօտաւորապէս 10 հազար մեթր բարձրութեան վրայ տեղի ունեցած է:
Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի պնդած էր, որ տեղի ունեցածը երկնաքարային անձրեւ չէր, այլ՝ «ամերիկացիներուն կողմէ նոր զէնքի մը փորձարկումը»: Սակայն Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաստատեց, որ ատիկա երկնաքար մըն էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.