ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտական հարցի լուծման համար Իմրալըի մէջ բանտարկուած Ապտուլլահ Օճալանի հետ բանակցութիւններն ու նոր Սահմանադրութիւն մը պատրաստելու աշխատանքը Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգի գլխաւոր թեմաներէն են: Առաջինին մասին, Երկուշաբթի, Փետրուար 18ին լուսաբանութիւններ կատարուեցան խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքի կողմէ, որ հարցազրոյց մը տուաւ «Ռատիքալ» թերթին:
Խօսելով Օճալանի հետ երկխօսութեան մասին՝ Չիչեք ըսաւ, որ այդ առնչութեամբ բոլոր մանրամասնութիւններէն տեղեակ են «առաւելագոյնը հինգ անձեր», որպէսզի բանակցութիւնները վնաս չկրեն կամ ձախողութեան չմատնուին։
Ըստ Չիչեքի՝ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի զարգացումները նկատի ունենալով՝ Թուրքիա չի կրնար երկարել Օճալանի հետ բանակցութիւնները, եւ պայման է, որ շուտափոյթ լուծում մը գտնուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.