ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մօտիկ ապագային պիտի այցելեն Ատրպէյճան: Արդարեւ, Մարտ 11-14ին, Պաքու պիտի ժամանէ պատուիրակութիւն մը՝ Հունգարիոյ գիւղատնտեսութեան զարգացման նախարար Կիւլա Պուտայի ղեկավարութեամբ: Պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ պիտի ըլլան պետական մարզի եւ առեւտուրի ներկայացուցիչներ, պիտի մասնակցի ատրպէյճանա-հունգարական միջկառավարական յանձնախումբի գիւղատնտեսական ենթայանձնախումբի առաջին հանդիպումին: Նաեւ, Մարտ 15-17ին, Ատրպէյճան պիտի այցելէ Հունգարիոյ ազգային տնտեսութեան նախարար Փալ Վելներ, իսկ մօտիկ ապագային՝ տնտեսական զարգացման նախարար Նեմեթ Լասլոնէ:
Ատրպէյճանի մօտ Հունգարիոյ դեսպանատունէն հաղորդուած է, թէ Հունգարիա հետաքրքրուած է Ատրպէյճանէն Եւրոպա ուժանիւթ հասցնելու նպատակով մշակուող «Նապուքօ Ուեսթ» նախագիծով՝ զայն «շատ կարեւոր» որակելով Եւրոպայի եւ յատկապէս Հունգարիոյ ուժանիւթային ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար: Ծրագիրը կը նախատեսէ 1300 քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակաշարի կառուցում (Պուլկարիոյ մէջ 421 քիլոմեթր, Ռումանիոյ մէջ՝ 469, Հունգարիոյ մէջ՝ 384, Աւստրիոյ մէջ՝ 47), թուրք-պուլկարական սահմանէն մինչեւ աւստրիական Պաումկարթէ քաղաքը:
Խողովակաշարի ուղիի ընտրութեան վերջնական որոշումը կ՛ակնկալուի այս տարուան Յունիսին: Նշենք, որ Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ տնտեսական սերտ համագործակցութիւնը թափ ստացաւ յատկապէս հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի՝ Հունգարիոյ կողմէ Ատրպէյճանի արտայանձնումին հետեւանքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.