ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի վերածնունդի օրը՝ 20 Փետրուարին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը ընդունած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Ստեփանակերտ կը գտնուէր արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի՝ Ղարաբաղեան շարժման 25րդ տարեդարձի տօնակատարութեան մասնակցելու նպատակով: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պատգամաւորներ Արտակ Զաքարեանը, Կարինէ Աճէմեանը, Ռուզաննա Մուրադեանը եւ Ռուբէն Գէորգեանը:
Զրոյցին մասնակիցները երկուստէք կարեւոր նկատած են Ղարաբաղեան շարժման պատմաիրաւական նշանակութիւնը թէ՛ արցահահայութեան, եւ թէ ողջ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Աշոտ Ղուլեան դիտել տուած է, որ Ղարաբաղեան շարժման 25ամեակը՝ որպէս յոբելեանական իրադարձութիւն, համազգային արժէք կը ներկայացնէ. Երեւանէն ժամանած իր գործընկերներուն տեղեկացուցած է, որ Արցախի մէջ աւելի քան մէկ շաբաթ առաջ ընթացք առած տօնական նախաձեռնութիւնները արդէն իսկ իրենց համարժէք շարունակութիւնն ու դրսեւորումը կը գտնեն հայկական Սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ: Առ այդ, ան յայտնած է, որ այդ միջոցառումները պիտի չսահմանափակուին միայն Փետրուար ամիսով, այլեւ պիտի շարունակուին մինչեւ տարեվերջ։
Հ. Նաղդալեանի համաձայն, ինք եւ իր գործընկերները եռակի տօնական տրամադրութեամբ ժամանած են Արցախ: «Նախ մեզ համար անձնապէս նշանակալի է մասնակցել Ղարաբաղեան շարժման 25ամեայ յոբելեանին նուիրուած տօնական միջոցառումներին, ապա՝ Հայաստանում բարեյաջող աւարտ են ունեցել նախագահական ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքում պետութեան ղեկավարի պաշտօնում վերընտրուեց գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանը, եւ վերջապէս՝ իրենց, ինչպէս որ իւրաքանչիւր հայ մարդու համար ամէն անգամ ինքնին հաճելի է գտնուել այստեղ՝ արցախեան հողում», յայտնած է ան:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական համագործակցութեան վերաբերող հարցերու, այդ պարունակին մէջ քննարկուած են փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման միջոցներն ու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեանը, մնայուն յանձնաժողովներու նախագահներ Վահրամ Աթանէսեանը եւ Արմէն Սարգսեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մնայուն ներկայացուցիչ Կարէն Թօփչեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.