
ԱԹԷՆՔ.- Կազմակերպութեամբ »Արամ Մանուկեան« կոմիտէութեան Քարոզչական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 7 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին, հոն ապրող գաղութներուն դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներուն, յատկապէս Սուրիոյ ու սուրիահայութեան ապրած կացութեան եւ այս բոլորին մէջ տեղեկատուական դաշտի դերին վերաբերող զրոյց-հանդիպում մը, որուն բանախօսն էր այս առիթով Լիբանանէն հրաւիրուած »Ազդակ« օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան:
Մեծ թիւով ազգայիններու կողքին ներկայ էին Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն ու անդամները:
Զրուցավար Միհրան Քիւրտօղլեան անդրադարձաւ սուրիական պատերազմին պատճառով հայութեան ամէնէն կարեւոր եւ աշխոյժ գաղութներէն սուրիահայութեան ապրած մղձաւանջին՝ դիտել տալով, որ պատերազմին վտանգաւոր անդրադարձները կը հասնին եւ անձկութեան կը մատնեն նոյնպէս կարեւոր այլ գաղութ մը՝ լիբանանահայութիւնը:
Ապա ան ըսաւ. »Երբ պատերազմ կայ, կը նշանակէ թէ անխուսափելիօրէն կայ նաեւ լրատուական-տեղեկատուական պատերազմ: Պատերազմող իւրաքանչիւր կողմ, ըստ իր շահերուն, լուրեր, տեղեկութիւններ եւ պատկերներ կը սփռէ, կը տարածէ աշխարհով մէկ: Ահա թէ ինչու այսօրուան նիւթին առնչուած է նաեւ դերակատարութիւնը հայկական լրատուամիջոցներուն, որոնք ցոյց պէտք է տան զգուշաւորութիւն, որպէսզի ընթերցողները ակամայ չձգեն մէկ կամ միւս կողմի լարած տեղեկատուական թակարդին մէջ: Ահա նաեւ թէ ինչու »Ազատ Օր«ի գործակցութիւնը Քարոզչական յանձնախումբին հետ երեկոյի կազմակերպման մէ«ջ:
Իր խօսքէն ետք Մ. Քիւրտօղլեան ներկայացուց օրուան բանախօսը:
Շ. Գանտահարեան յատուկ կերպով ծանրացաւ Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մէջ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դերակատարութեան վրայ:
Ըստ բանախօսին, խնդիրը հետզհետէ սրեցաւ, երբ Դամասկոս մէկ կողմէ յենած Մոսկուային, միւս կողմէ դարձաւ ռազմավարական կամուրջ Թեհրանի եւ Լիբանանի մէջ գործող շրջանային ուժի վերածուած Հըզպալլա կազմակերպութեան միջեւ: Ահա ռազմավարական այս կամուրջի քանդումն էր, ըստ պաշտօնական Թեհրանին, որ տեղի կ՛ունենար մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան հաստատման արեւմտեան կարգախօսներուն տակ: Թեհրանի ակտիւացումը այս խնդիրներուն ուղղութեամբ մենք պիտի շարունակենք նկատել ամէն անգամ որ Թել Աւիւը իր զինուորական դէմքով յայտնուի այս հարցին մէջ:
Սուրիոյ հարցին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան մասին խօսելով՝ բանախօսը դիտել տուաւ, որ ռուսական ուժի ցուցադրութիւնները կը յուշեն, որ Մոսկուան դիւրին հրաժարողը չէ տարածաշրջանի իր ազդեցութեան գօտիէն: »Եթէ առ երեւոյթ Սուրիոյ իշխանութեան տապալման առաջադրանքով կը միանան Անգարայի եւ Ուաշինկթընի շահերը, ապա քրտական գործօնի ուղղութեամբ առնուազն տարբեր են երկու պետութիւններու մօտեցումները, չըսելու համար որ ուղղակի կը հակադրուին իրարու: Քրտական վախը կարեւորագոյն շարժառիթներէն կարելի է համարել Սուրիոյ հարցին մէջ Անգարային այս տարողութեամբ թափանցուածութիւնը հիմնաւորելու համար«, նշեց ան:
Հայ տեղեկատուութեան դիմաց առկայ խնդիրներուն անդրադառնալով՝ Շ. Գանտահարեան դիտել տուաւ, որ տեղեկատուական պատերազմը ընդհանրապէս շատ վտանգաւոր եւ բարոյալքիչ կրնայ ըլլալ, եթէ զայն հաւասարակշռող ազդակներ գոյութիւն չունենան: Արդարեւ, տեղեկատուական պատերազմը տեսականօրէն կ՛աշխատի տուեալ կողմի կառքին լծել տարբեր հատուածներ եւ հաւաքականութիւններ: Բազմաթիւ անգամներ հայութիւնը խուճապի մատնելու միտումով լրատուութիւններ դրուեցան շրջանառութեան մէջ:
Բանախօսը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի տեղեկատուական մեքենաներուն, որոնք աշխոյժ կերպով կը բանին սուրիահայութեան վերաբերող հարցերուն գծով: Ըստ անոր, Հայկական հարցերուն վերաբերող աշխուժութիւն մը երեւցաւ սուրիահայ գաղթականներ Թուրքիոյ մէջ ընդունելու պետական պատրաստակամութիւնը լուսաբանելու պահուն: Զուգահեռ՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալու՝ սուրիահայ գաղթականներ Թուրքիոյ վրայով Հայաստան անցընելու համար:
Միւս կողմէ, Պաքու բողոք բարձրացուց՝ ի տես սուրիահայ ընտանիքներու Արցախի մէջ վերաբնակեցման երեւոյթին:
Իր խօսքը եզրափակելով, Շահան Գանտահարեան հաստատեց. »Միջին Արեւելքի մեր գաղութները ռազմավարական նշանակութիւն ունին համասփիւռքէեան առումով, յատկապէս մեր կազմակերպ կեանքին մարդուժ տրամադրելու տեսակէտէն: Անոնց ապագան, հեռանկարը, լեզուական, մշակութային, քաղաքական եւ հոգեւոր խնդիրները պէտք է քննարկել համասփիւռքեան ձեւաչափերով: Միջին Արեւելքի երկիրներու նկատմամբ հայրենիք-Սփիւռք համատեղ քննարկումներու մակարդակով անյետաձգելի է նախ յատուկ հայեցակարգի մշակումը եւ ապա այդ հիմնադրոյթներուն վրայ ծաւալող աշխատանքներու կազմակերպումը«:
Աւարտին բանախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: