
ԷՆՍԻՆՕ.- Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ կազմուած է յանձնախումբին նոր վարչութիւնը, որուն կ՛անդամակցին հետեւեալները.
Իրաւաբան Նարեկ Կիցինեան (ատենապետ), Ճան Թաշճեան, Դալար Տէրտէրեան (գանձապահ), Նշան Քուլուքեան, Գօգօ Ալեքսանեան, իրաւաբան Նորա Տեմիրճեան, Շանթ Յակոբեան (ատենադպիր), Ռաֆիի Սարգիսեան եւ Թոնիա Բարսեղեան:
Նախորդ տարուան արդիւնաբեր աշխատանքէն ետք, նոր վարչութիւնը արդէն իսկ քաղաքական եւ ընկերային գործունէութեան աշխոյժ ծրագիր մը պատրաստած է 2013 տարուան համար: