
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- »Նիուզ« լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ տարուան Նոյեմբեր 20ին, Կլենտէյլի »Մեմորիըլ« հիւանդանոցին մէջ մահացած Ֆլորա Մարտիրոսեանի ազգականները որոշած են երգչուհիի մահուան պարագաներուն կապակցութեամբ դատ բանալ: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է երգչուհիին քրոջ զաւակը՝ Մանուկ Սահակեան, սակայն ան չէ մանրամասնած, թէ դատը որո՞ւ դէմ պիտի բացուի՝ հիւանդանոցի՞ն, թէ պատասխանատու բժիշկին: Ան շեշտած է, թէ դատին նպատակն է Ֆլորա Մարտիրոսեանի մահուան բոլոր ծալքերը բացայայտել՝ աւելցնելով, թէ դիազննութեան ամբողջական զեկոյցը տակաւին չէ պատրաստուած:
Ներկայիս, հայ իրաւաբան մը սկսած է դատին կապակցութեամբ փաստեր հաւաքելու աշխատանքին:
Ֆլորա Մարտիրոսեանի ազգականները կը շեշտեն, թէ չեն ուզեր ոեւէ մէկը մեղաւոր նկատել Ֆլորայի մահուան համար, սակայն հարց կու տան, թէ լեղուցքի տարրական գործողութեան մը ընթացքին նման մահ մը կասկածելի չէ՞: Մանուկ Սահակեան նաեւ կը յայտնէ, թէ երգչուհին առողջապահական այլ հարցեր չունէր: