
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ֆրանսայի Ծերակոյտին առջեւ ելոյթ մը ունենալով, թրքամէտ ծերակուտական Նաթալի Կուլեն անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան եւ Ստեփանակերտի օդակայանի հարցին:
Ան կոչ ըրած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսին, որ դատապարտէ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերը «Ատրպէյճանէն բռնագրաւուած տարածքներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր սահմաններէն դուրս գտնուող Քելբաջարի ու Լաչինի մէջ հաստատելու քայլերը», որովհետեւ անոնց հետեւանքով «արհեստականօրէն պիտի փոխուի ազգագրական հաւասարակշռութիւնը» ու պիտի դժուարանայ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի առաջնորդութեամբ շարունակուող բանակցութիւնները, «որոնք արդէն իսկ փակուղիի մէջ են»:
Կուլեն աւելցուցած է, թէ Ստեփանակերտի օդակայանին բացումը «աննախադէպ հարուած պիտի հասցնէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու գործընթացին»:
Ան նաեւ պնդած է, թէ Ռուսիա արդէն իսկ «Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Վրաստանի նոր կառավարութեան հետ դաշինք ձեւաւորած է» ու նաեւ «փաստօրէն, կը կառավարէ Հայաստանը», որու հետեւանքով այդ տարածաշրջանին մէջ Ֆրանսայի միակ գործընկերը կը մնայ Ատրպէյճանը, որ «միաժամանակ Իսրայէլի դաշնակից է»: