
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նախորդ կնոջական էջով անդրադարձած էինք տան մաքրութեան անհրաժեշտ բաժիններէն մէկ մասին: Իւրաքանչիւր անկիւն կամ բաժին իրեն համապատասխան մաքրութեան որոշ կարգ ու կանոնի կենթարկուի: Երբեմն տարիներ ամբողջ ճիշդ կարծուած մեթոտ մը ի յայտ կու գայ, որ այնքան ալ նպատակայարմար չէ: Ամէն պարագայի, ահա կը շարունակենք մեր սկսած նիւթը.
ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ
ԹԱՇԿԻՆԱԿՆԵՐ
Այն թաշկինակները, որոնք կը գործածուին երեխաներուն մաքրութան համար, իրենց մէջ ունին յատուկ նիւթեր, որոնք կրնան վնասակար եւ թունաւոր ըլլալ իրենց մաշկին համար: Մանրէներու դէմ պայքարող քիմիական նիւթեր, ինչպէս պրօնաբոլը, մորթին համար թոյն է ու յատկապէս դիամդրողականութեան համակարգը կը խանգարէ եւ թոքերուն վնաս կը պատճառէ: Այլ նիւթ մը է պթալէյթսը, որ գեղձերու արտադրութեան խանգարում կը պատճառէ, նաեւ օգտագործուած է երեխաներու մաքրութեան թաշկինակներուն մէջ: Որպէս լուծում կրնաք օգտագործել այն թաշկինակները, որոնք զուրկ են այս նիւթերէն եւ կամ կրնաք պարզապէս օճառ եւ ջուր օգտագործել:
ՑԵԽՈՏ ՈՒ ԲՈՐԲՈՍՆԱԾ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ
Տան մէջ թաց եւ կեղտոտ հագուստներու պահարանին մէջ, յատկապէս կեղտոտ մարզական տարազներու եւ կօշիկներու բաժինին մէջ, խոնաւութեան ու աղտոտութեան պատճառով յատուկ բորբոսային նիւթեր կը գոյանան, որոնք կրնան վնաս հասցնել շնչառական համակարգին: Ուժեղ հազը եւ գերզգայնութեան եւ ազմայի նախանշաններու յայտնաբերումը բորբոսի հետեւանք կրնան ըլլալ: Բորբոսը նաեւ կրնայ տկարացնել դիմադրողական համակարգը եւ գերճնշուածութեան պատճառ կրնայ դառնալ:
Միակ ձեւը նման բորբոսէ ու խոնաւութենէ ձերբազատելու, կեղտոտ լաթերն ու հագուստները նաշխապէս չորցնելն ու մաքրելն:
ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ
ՆՆæԱՍԵՆԵԱԿԻ
ԹՈՒՆԱՒՈՐ ԿԱՀՈՅՔԸ
Երեխաներու ննջասենեակի կամ խաղասենեակի կահ-կարասիներուն համար ծնողները ընդհանրապէս կը խորհին, թէ աժան առարկաները յարմար կրնան ըլլալ: Սակայն, հիմնական հարցը այդ կահոյքին համար գործածուած նիթերն են, որոնք շատ յաճախ զանազան տեսակի տախտակներու տաշեղներու հաւաքածոները կրնան ըլլալ, որոնք հաւաքուելով՝ թունաւոր նիւթերով իրար միացուած կ՛ըլլան:
Այս պարագային, կը թելադրուի զուտ տախտակով սարքուած կարասիներ օգտագործել, որովհետեւ այդ տախտակը ինքնին մաքուր է՝ զուրկ ամէն տեսակի քիմիական նիւթերէ, որոնք քաղցկեղ կրնան պատճառել: Եթէ ձեր տախտակէ կահոյքը պէտք է ներկէք, ապա օգտագործեցէք ջուրով պատրաստուած ներկեր: Անոնք շատ աւելի նուազ քիմիական վնասակար նիւթեր կը պարունակեն, քան՝ իւղաներկերը:
ԴՐԱՆ ՍԵՄԸ
Դրան սեմին նստիլը, հակառակ անոր որ բաւական հանգսստացնող է, երբեմն թունաւոր կրնայ ըլլալ, տախտակամածին պարունակած յատուկ քիմիական նիւթերուն պատճառով: Ճնշումի դիմացող այդ տախտակամածները շատ տարբեր քիմիական նիւթեր ունին իրենց մէջ, որոնք բոլորն ալ արգիլուած նիւթեր էին տարիներ առաջ, սակայն որոշ բարեփոխումներով այսօր կ՛օգտագործուին նման արտադրական աշխատանքներու մէջ: Հետեւաբար, կարգ մը մասնագիտական առողջապահական ընկերութիւններ կը շարունակեն զգուշացնել այս նիւթերը պարունակող շինանիւթերէն:
Այդ մասնագիտական առողջապահական ընկերութիւնները խորհուրդ կու տան տանտէրերուն պատրաստել կամ սարքել տախտակամածեր այնպիսի տախտակներէ, որոնք իրենց մէջ պահածոյ (disodium octabo-rate tetrahydrate) նիւթեր ունին: Այս նիւթը նուազ քիմիական թոյն կը պարունակէ:
ՊԱՀԱԾՈՆԵՐՈՒ
ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄ
Բազմազբաղ առօրեան ձեզի կրնայ պարտադրել, որ յատուկ ուշադրութիւն չկարենաք դարձնել ձեր սնունդին ու յաճախ օգտագործէք պահածոյ նիւթեր: Անհրաժեշտ է հրաժարիլ այդ սովորութենէն: Այդ մէկը ամէնէն շատ առողջութեան վնասող ազդակներէն կը համարուի: Կարելի եղած չափով թարմն ու բնականը նախընտրեցէք եւ երեկոյեան ճաշեր պատրաստելու համար ժամանակ տրամադրեցէք:
Առողջութեան պահպանումը զոհողութիւններ կը պահանջէ, սակայն ձեր ընտանիքին ու զաւաներուն համար կարժէ այդ զոհողութիւնները յանձն առնել: