ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Լոնտոնի մէջ Աբել Աղանբեկեանի անվիճելիօրէն ականուած հաստատումը Դեկ-տեմբեր 1987ին, թէ՝ Ղարաբաղը պէտք է տնտեսապէս կապուի Հայաստանին, պարզապէս կը թելադրէր Ղարաբաղը հանել ազերի գաղթատիրական ենթակայութենէն ու վերամիաւորել Հայաստանին հետ։ Սփիւռքը ոչ մէկ դժուարութիւն ունեցաւ այս թելադրանքին ճշգրիտ հասկացողութեան մէջ։ Ձեւով մը Աղանբեկեան 1987ի Դեկտեմբերին շեփորեց աւետիսը կենսաւորման երկու ամիս ետք սկսուած պահանջատիրական ցոյցին։ Եւ ահա, մէկ միլիոն հայ, մէկ մարդու պէս հրապարակ իջաւ իր կեանքը վտանգելու գնով, աշխարհի երեսին շպրտելու կարգախօսը՝ «Ղարաբաղը մե՛րն է»ն։
Ակադեմիկոս Աղանբեկեան այդ օրերուն խորհրդային պետութեան ղեկավար դէմքին՝ Միխայիլ Կորպաչովի տնտեսական հարցերու առնչութեամբ գլխաւոր խորհրդականն էր։ Նկատի առնելով եղած յայտարարութեան ծանրակշիռ տարողութիւնը անհաւանական է որ Կորպաչովը տեղեակ չըլլար անկէ։ Եթէ այդ յայտարարութեամբ կը փորձէին համաժողովրդական զանգուածային ելոյթներ, ցոյցեր կազմակերպել, սխալած չէին։ Ատեն մը ետք արեւելեան եւրոպական պետութիւններու մէջ եղան նման ցոյցեր, որոնց ամէնէն խելայեղն ու անմիջականօրէն ազդեցութիւն ունեցողը եղաւ Պերլինի պատին քանդումը։ Ատենին, շարժման մասնակից քահանային, Տէր Յուսիկին բառը գործածելով, Խորհրդային Միութեան «կազմաքանդում»ը սկսած էր։
Հարցումը, որուն պատասխանը երբեք չենք ստացած հետեւեալն է.
Ակադեմիկոս Աղանբեկեանը իսկապէս հետաքրքրուա՞ծ էր Ղարաբաղի բարօրութեամբ, թէ՞ շատ լաւ գիտէր թէ Խորհրդային Միութեան Աքիլլէսի կռունկը Ղարաբաղն էր, որ կրնար ոչ միայն Կովկասը, այլ Խորհրդային Միութեան ամբողջական համակարգը յեղաշրջել։
Այդ հարցումին պատասխանը կը խուսափի մեզմէ։ Թէեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւնը Նիւ Եորքի մէջ՝ «Պերլինի պատը Երեւանում փուլ եկաւ»ը կը թելադրէ հարցումին մէջ դրուած երկրորդ հաւանականութեան կարելիութիւնը։
Աւելի համազիչ չէ նաեւ այն իրականութիւնը, որ թէ՛ Հունգարիոյ եւ թէ՛ Չեխոսլավաքիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական-ազգային խլրտումները իր երկաթեայ բռունցքով կասեցուցած Կարմիր Բանակի տարօրինակօրէն… հանդիսատեսի չէզոք դիրքի մէջ ըլլալը 1988-1991ի ժամանակահատուածին մէջ, չհաշուած հայ-ազերի բախումներու ընթացքին խորհդային բանակի «օմոնականներ»ու վայրագութիւնները։ Այդ բոլորին արդիւնքն էր Խորհրդային Միութեան վերջնական քանդումը՝ յառաջացնելով 15 նոր հանրապետութիւններ։ Եթէ բաղդատելու ըլլանք այս փոփոխութիւնները 1917ի ցարական կայսրութեան փլուզման հետ, Խորհրդային Միութեան քանդումը եղաւ գրեթէ անարիւն բացի Ղարաբաղեան պատերազմին զոհուած մեր ազատամարտիկներէն։
Այդ օրերուն յատկանշական երեւոյթներէն ամէնէն խնդրայարոյցը ղարաբաղեան կոմիտէի կազմին Մոսկուա կանչուիլն էր։ Թէ ինչո՞ւ, յստակ չէ բայց այդ տեղէն կը սկսին առեղծուածային բնոյթով շարք մը իրադրութիւններ, որոնք ծնունդ կու տան տարատեսակ վարկածներու։ Օրինակ, ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ Մոսկուայէն վերադարձին մինչ այդ ոչ շատ ծանօթ Լեւոն Տէր Պետրոսեան վերածուեցաւ Ղարաբաղ Կոմիտէի առաջին դէմքին եւ յետագային Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին։ Մոսկուայի մէջ որեւէ խոստում կամ խոստումներ տրուա՞ծ կամ փոխանակուա՞ծ էին Արցախի վերջնական քաղաքական իրավիճակի մասին։
Թերեւս անոնք, որոնք սկսան կազմաքանդումի գործընթացին, կ՛ենթադրէին, թէ շատ ժամանակ չանցած Ղարաբաղը պիտի անցնէր ազերի վերահսկողութեան տակ, որովհետեւ հայերը պիտի չկարենային տոկալ կռիւներուն ստեղծած ճնշումներուն եւ դժուարութեանց։ Այլ խօսքով, ի յառաջագունէ պատրաստուած ընթացակարգը իր լրումին պիտի հասնէր յօգուտ ազերիներուն։
Արդ, պատահական չէին բնաւ այդ օրերուն Սումկայիթի կոտորածները, երբ Ատրպէյճանի մէջ կ՛իրականցուէր ազգային մաքրազտում։ Ատրպէյճանը կը պարպուէր իր հայ ազգաբնակչութենէն։ Հետեւաբար, ընդհանուր բեմադրութիւնը պատրաստողներուն առաջադրանքներէն մին՝ Ատրպէյճանի հայաթափումը, յաջողութեամբ իրագործուած էր։ Իսկ առաջին ու հիմնական նպատակը, հայերու Ղարաբաղէն հեռանալը, կը հանդիպէր անակնկալ պատուարի։ Եթէ այդ մարդիկը, նստած եւրոպական կամ ամերիկեան քաղաքներու մէջ, իրենց վարկածը կը հիմնէին հայ զինուորին «անմարտունակութեան» վրայ, սխալեր էին։ Անոնք՝ հայ ազատամարտիկները, իրենց կրունկներուն տակ ճզմեցին ազերիներու մռութները եւ հռչակեցին Ղարաբաղի անկախ պետութիւն, որուն հիմնադրութեան ու ազատագրութեան 25րդ տարելիցն է որ մեր ժողովուրդը կը տօնէ։
Մինչ այդ սակայն, այդ յաղթարշաւի ընթացքին եւ կամ շատ չանցած, տարօրինակ էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրապարակումը իր ծանօթ ծրագրին՝ թէ պատերազմով կարելի չէր լուծել հարցը եւ անհրաժեշտ էր ձեւ մը գտնել խաղաղութեան դաշնագիրը կնքելու համար։ Թէ ի՞նչ պիտի պարունակէր այդ դաշնագիրը յստակ չէր, բայց հայրենի պատասխանատու մարդիկ այնքան մը տեղեակ պէտք է ըլլային, որ որոշէին չսպասել ու նախաձեռնեցին Տէր Պետրոսեանի հեռացումը իրականացնելու։
Հո՛ս է որ կու գանք ուղղանկիւն շրջանակին ու անոր մէջի հինգ տողնոց պարբերութեան։ Հոկտեմբեր 2006ին էր, երբ աւարտեցի Մարկարէթ Մէքմիլլընի գրքին՝ «Փարիզ, 1919»ի ընթերցումը՝ Սեւրի Խաղաղութեան վեհաժողովի մասին։ Նոյն օրերուն նաեւ ամերիկեան հանդէսներէն մէկուն մէջ կարդացի Կովկասի նուիրուած յօդուած մը։ Շաբաթաթերթին անունը չեմ յիշեր։ Շատ լաւ կը յիշեմ սակայն ու կը պատկերացնեմ պարբերութիւնը՝ տպուած յօդուածի վերջաւորութեան։ Կարծէք վերջին վայրկեանին միտքը ինկած գաղափար մը կ՛արտայայտէր հեղինակը, որ անհրաժեշտ նկատած էր հետեւեալ բացատրութիւնը տալու.
– Անցնող դարասկիզբին Նոպէլ ու Ռոթչայլտ ընկերութիւններուն նաւթահորերու սարքերը հրկիզուեցան ազգամիջեան կռիւներու ընթացքին, բայց այս անգամ այդ հարցը այլեւս մտահոգիչ չէր, այլեւս գոյութիւն չունէր։ (Եթէ չեմ սխալիր հեղինակը գործածած էր հետեւեալ անգլերէն նախադասութիւնը that was taken care of)։
Վաղուց կը փորձէի կապ մը գտնել ղարաբաղեան ազատագրական պայքարին ու Կասպից Ծովու քարիւղի շահարկման միջեւ։ Այդ հինգ տողնոց չարաբաստիկ պարբերութիւնը հայթայթեց լուսաբանութիւնը։ Յօդուածը կարդալէս ետք, թերթը՝ բացուած այդ պարբերութիւնը պարունակող վերջին էջը, զետեղեցի հիւրասենեակի սուրճի սեղանին վրայ՝ որպէս յիշեցում յետագային անդրադառնալու անոր։ Գրեթէ ամէն օր, կամ քանի մը օր անգամ մը, կը ստուգէի թէ թերթը իր տեղն էր՝ սեղանին վրայ։ Հոն էր ամէն անգամ որ ստուգած եմ մինչեւ որ… տարի մը ետք անդրադարձայ թէ թերթը չկար այլեւս։ Բաւական երկար փնտռեցի բայց ի զուր։ Հարցումները թէ ի՞նչ եղաւ թերթին, ո՞վ վերցուց իր տեղէն, վերածուեցան անլուծելի ու անպատասխան առեղծուածի։ Մտքիս մէջ սակայն մնացին ուղղանկիւն շրջանակն ու հինգ տողնոց, ահռելիօրէն ուժական բովանդակութեամբ լիցքաւորուած պարբերութիւնը։ Չեմ յիշեր ո՛չ թերթին եւ ո՛չ ալ հեղինակին անունները (թերեւս ամերիկեան «Էտլէնտիք» շաբաթաթերթն է՞ր, վստահ չեմ)։ Շատ փնտռեցի, թղթատեցի «Էտլէնտիք» շաբաթաթերթի այդ տարուան թիւերը՝ ոչ մէկ յաջողութիւն եւ ուրեմն, չեմ կրնար այստեղ ճշգրիտ վերագրումն ու թուականը հայթայթել։ Բայց բովանդակութիւնը, որուն ակնարկեցի վերը անմոռանալիօրէն ու անկասկած կերպով ճիշդ է։
Այդ քանի մը տողերը շահեկան են կամ աւելի ճիշդ, փաստարկ, բացատրելու շարք մը ներկայիս իրականութեան վերածուած նկատառելի կացութեանց։ Առաջին հերթին, կասպեան քարիւղը շահարկող ընկերութիւններուն Բաքուի հայ գաղութը գլխու ցաւ պատճառող տաղտուկ մըն էր, որ պէտք է վերցուեր յետագային հարց չունենալու համար։ Եւ ուրեմն այդ վատութիւնը պէտք էր իրականացնել։ Սումկայիթի վայրագ վիժուածքները կրնային գլուխ հանել այդ ոճիրը։ Սխալած չէին իրենց ակնկալութեան մէջ, որովհետեւ այդ խուժանը յաջողեցաւ Բաքուն մաքրել հայերէ, որոնց ներկայութիւնը այդ քաղաքին մէջ թերեւս շատ աւելի հին էր ու պատմական, քան ազերիներու ներկայ բնակչութեան գոյութիւնը հոն։
Եթէ քարիւղի ընկերութիւնները պատասխանատու էին Սումկայիթի պոկրոմներուն, ո՞վ էր պատասխանատուն 1915ի արեւմտեան Հայաստանի ազգաբնակչութեան ցեղասպանութեան։
Նոյն այդ ընկերութիւններուն եւ զիրենք հովանաւորող պետութեանց նկատի ունեցած միւս եւ կարեւոր ենթադրուած ակնկալութեան վիժումը զիրենք հաւանաբար մատնեց զգաստացնող անդրադարձի։ Իրենք, սխալմամբ այս անգամ, հաւանաբար կ՛ակնկալէին թէ հայ զինուորը Ղարաբաղի մէջ պիտի չկռուէր եւ ոչ շատ ուշ ապագային տեղի պիտի տար ճիշդ 1920ի իրենց նախահայրերու նման՝ Կարսի մէջ, եւ ուրեմն, ազերիները հեշտօրէն կրկնէին պիտի օսմանցի վիժուածքներու հայասպանութեան նախընթացը։ Ի վերջոյ ո՞վ կարեւորութիւն կու տար հայերու ջարդերուն։ Ականջը խօսի Հիթլեր էֆէնտիին, իրենց հոգեհարազատին, հաւանաբար… դժոխքի մէջ խայտացող։ Բայց ի զարմանս իրենց, հայ զինուորը ոչ միայն չընկրկեցաւ, այլ սրբագրեց իր նախահայրերու սխալը՝ ազատագրեց Ղարաբաղն ու ղարաբաղեան բնակչութիւնը միեւնոյն ատեն արարելով մեր օրերու պատմութեան յետ սարտարապատեան ամէնէն շքեղ յաղթանակը։
Ահա եւ երկրորդ սխալը այդ ընկերութիւններուն, որոնք ծրագրեր էին մեր ժողովրդի արեամբ ողողուած հարստութեան տիրանալ։ Ճիշդ է, հարստութեան տիրացան, բայց մեր ժողովրդի արիւնը մնաց հոն ուր պէտք է մնար՝ իր – մեր ժողովրդի – զաւակներուն երակներուն մէջ որպէսզի անոնք՝ յաղթաբազուկ ու քաջակորով ազատամարտիկներ, կերտէին ազատութեան «նոր արշալոյս»ը հայրենական Արցախի մէջ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ յոյս ու կորով ներշնչող գմբեթին սլացիկ խոյանքը ունենալով իբրեւ պահապան։
Հոս պէտք է անդրադառնամ զրոյցի մը, որ Ալեքսանդր Խատիսեանը կը նկարագրէ. Անգլիոյ բարձր կոմիսարը 1920ին Հայաստանի պետական դէմքերուն կը ջանայ համոզել թէ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը Ատրպէճանին պէտք է տրուին։ Երբ Խատիսեան համամտութիւն չի յայտներ, կոմիսարը կը մենախօսէ՝ «Անգլիան գրաւը անյաջող ձիու վրայ դրաւ»։ Այլ խօսքով, հայերը ճիշդ մարդիկը չէին իրենց կովկասեան քաղաքականութիւնը իրականացնելու համար։
Այդ բոլոր նկատառումները, թելադրութիւնները, հետեւողական առաջարկները՝ Հայաստանին Ղարաբաղէն ձեռք քաշելու, Ատրպէյճանի հողատարածքը ընդարձակելու, քարիւղի քաղաքականութեան վրայ կը յենո՞ւն։ Եւ դեռ, մինչեւ ե՞րբ ու մինչեւ ո՞ւր կրնայ անասնական այս անյագուրդ ընչաքաղցութիւնը հասնիլ։ Մինչեւ ամբողջական ցեղասպանութի՞ւն։
Քսանը հինգ տարի է անցած այդ անվիճելի ու անեղծ յաղթանակէն՝ օծուած մեր ժողվրդի ընտրեալներու արիւնով – եւ այդ արեան ոռոգումով է որ կը պայմանաւորուի արցախեան պետութեան յառաջընթացը մեր պատմութեան նոր քառուղիներէն։ Ու դեռ պիտի տօնենք մօտիկ ապագային, անոր վերջնական ազատութիւնն ու միացումը Մայր Հայաստանին վերածուելով հայոց նոր պետականութեան անխորտակելի, կրանիտէ հիմնաքարին՝ ստեղծուլիք Միացեալ Հայաստանին, վերջնական վերադարձովը Նախիջեւանին, Կարս ու Արտահանին, Սուրմալուին, ու Վասպուրականին։ Այս է խորհուրդը այս քառորդ դարեայ տօնահանդէսին խօսքերովը բանաստեղծին որուն կ՛արձագանգէ մեր ժողովուրդը ամբողջ.
…Որ լինի մեծ այգաբաց,
Կառուցում ու յաղթանակ,
Որ սերունդների դիմաց
մենք ամօթով չմնանք
……
Որ դու լինես միշտ պայծառ
Անպարտելի Հայաստան
Տօնախմբութեանց կշռոյթով է որ պիտի հզօրանան մեր երկիրն ու մեր զօրքը։ Հզօրացած այդ զօրքը պիտի երկաթագրէ դատակնիքը մեր երկրի ազատութեան եւ ըլլայ պահապանը նիւթուող բոլոր դաւերուն դէմ՝ ի հեճուկս բոլոր սադրանքներուն եւ բոլոր դժուարութեանց։
smargossian@sbcglobal.net
Լոս Անճելըս
Լուսանկարը՝ Մեդիամաքս/ԿԱՐԷՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆի
Derderian Accounting Services
Տէր Եւ Տիկ. Զաւէն Եւ Հալինա Պէրպէրեաններ
Տէր Եւ Տիկ. Աբրահամ Եւ Անթառամ Աճէմեաններ