«Նիուզ» կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութիւնները երեք հայեր ձերբակալած են անցեալ Ուրբաթ, Փետրուար 15ին, «Թայսըն» ընկերութենէն միս գողնալու յանցանքով: Ըստ «Amarillo Globe News»ի՝ Շըրմըն Օքսէն 55ամեայ Ռուբէն Աշիկեան, Կլենտէյլէն 31ամեայ Լեւոն Աշիկեան ու Նորթ Հոլիվուտէն 55ամեայ Գրիգոր Դարմանջեան պաշտօնապէս ամբաստանուած են Թեքսաս նահանգի Ամարիօ քաղաքի դատարանին մէջ ու բանտարկուած պիտի մնան մինչեւ փրկագինի շուրջ քննարկումի աւարտը:
Ամբաստանեալներու հետապնդումը սկսած է 2011ին, երբ անոնք ընկերութենէն գողցած են մօտաւորապէս 82,000 տոլար արժող միս: Իրաւապահները պարզած են, որ անոնք 24 նման գողութիւններ իրականացուցած են 2011ի Ապրիլէն մինչեւ այս տարուան Փետրուարը՝ աւելի քան 4 միլիոն տոլարի վնաս պատճառելով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Hazar Amot…aazhm yev minch Havidian!!