ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Մինչ Հայաստան կը փորձէ յաղթահարել Փետրուար 18ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն հետեւանքները եւ ընտելանալ վերջերս աշխուժացած ընդդիմութեան հետ, իր երկու չարակամ դրացիները՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան խճճուած են փոխադարձ մեղադրանքներու մէջ՝ հայկական ընտրութիւններուն շուրջ:
Մէկ տարի առաջ, «Ո՞վ կ՛իշխէ Թուրքիոյ մէջ՝ Էրտողա՞նը, թէ Ալիեւը» վերնագիրով իմ խմբագրականին մէջ զարմանքս արտայայտած էի, որ Թուրքիան թոյլ կու տայ Ատրպէյճանին մնայուն կերպով միջամտելու իր ինքնիշխան քաղաքականութեան, ինչպէս՝ Հայ-թրքական արձանագրութիւններու պարագային: Այժմ երկու թարմ օրինակ կայ թրքական որոշումներու կայացման գործին մէջ Ատրպէյճանի անթոյլատրելի միջամտութեան մասին:
«Թրքական թռիչքուղիներ»ը հազիւ յայտարարած էր, որ «Ակօս» երկլեզու՝ հայերէն եւ թրքերէն շաբաթաթերթը պիտի տրամադրէ իր միջազգային թռիչքներէն օգտուող ուղեւորներուն, երբ ատրպէյճանցի փրոֆեսէօր եւ քաղաքական մեկնաբան Ֆիքրեթ Սատիխովը բողոքեց անոր տարածման դէմ՝ զայն անուանելով «բացարձակապէս անհեթեթ եւ անպատասխանատու քայլ»:
Սատիխովը նաեւ բողոքեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սերժ Սարգսեանին նախագահ վերընտրուելուն առիթով: «Նման քայլերը կրնան մեծ ցաւ պատճառել թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ատրպէյճանին», ըսած էր Սատիխովը ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան: Փրոֆ. Սատիխովի բողոքը մաս կը կազմէ ատրպէյճանցի ղեկավարներու կազմակերպած այն մեծ արշաւին, որով անոնք կը մեղադրեն Թուրքիան՝ Արցախի հարցով տարածքային զիջումներ կատարելու համար Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու իրենց ջանքերը խափանելուն մէջ:
Ահա ատրպէյճանցի ղեկավար պաշտօնատարներու կողմէ նախագահ Կիւլին ուղղուած որոշ առարկութիւնները.
– «Թուրքիան պէտք է պարզաբանէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլի կողմէ իր հայ գործընկեր Սերժ Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղելու հարցը», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով ղեկավար Նովրուզ Մամետովը:
– «Ատիկա մեզի ցաւ կը պատճառէ… Պէտք է ուշադրութիւն դարձնել այն հանգամանքին, որ Հայաստանին եղած քաղաքավարութեան բոլոր նշանները անոր կողմէ կ՛օգտագործուին այլ նպատակներով», յայտարարած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի խօսնակ Օքթա Ասատովը:
– «Ատիկա մեզի համար անսպասելի էր… Ցաւալի է, որ Ատրպէյճանի ռազմավարական գործընկեր Թուրքիոյ նախագահը հապշտապ շնորհաւորած է Սարգսեանը, որ ընտրուած է խախտումներու միջոցով», յայտարարած է խորհրդարանի երեսփոխան եւ «Նոր Ատրպէյճան» իշխող կուսակցութեան գործադիր քարտուղարի տեղակալ Մուպարիզ Ղուրպանլին:
– «Նախքան արդիւնքներու պաշտօնական հրապարակումը Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի կողմէ շնորհաւորական ուղերձ յղելը նախքան արդիւնքներու պաշտօնական հրապարակումը սխալ քայլ է: Ասիկա Թուրքիոյ՝ «Զերօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» քաղաքականութեան շարունակութիւնն է: Սակայն, ըստ էութեան, այդ քաղաքականութիւնը ձախողած է: Այդ քաղաքականութեան պատճառով Թուրքիոյ յարաբերութիւնները լարուած են տարածաշրջանի պետութիւններու մեծ մասին հետ: Բացի ատկէ, Թուրքիոյ նախագահի շնորհաւորանքը Սարգսեանին՝ կը հակասէ Ատրպէյճանի շահերուն: Երբ միջազգային հանրութիւնը կարծիք կը յայտնէ այն մասին, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի ոչ օրինական իշխանութիւն, թրքական կառավարութիւնը կը հաստատէ Հայաստանի ղեկավարութեան օրինականութիւնը: Ատիկա սխալ է եւ ցաւալի», յայտարարած է Ատրպէյճանի «Մուսաւաթ» կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր վարչութեան անդամ Արիֆ Հաճիլին:
– «Եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ, որ այս քայլերուն շնորհիւ Հայաստանը կամ հայերը պիտի հրաժարին այսպէս կոչուած Ցեղասպանութենէն եւ տարածքային պահանջներէն, կը սխալի», յայտարարած է «Միացեալ Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան նախագահ Կուտրաթ Հասանկիւլիեւը:
– «Նախագահ Կիւլի շնորհաւորանքը Սերժ Սարգսեանին հապճեպ որոշում էր», յայտարարած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ատրպէյճան-Թուրքիա միջխորհրդարանական կապերու աշխատանքային խումբի ղեկավար Նիզամի Ճաֆարովը:
– «Թուրքիան իր այս քայլով չ՛արժանանար միջազգային հանրութեան դրական գնահատականին: Այդտեղ Թուրքիան կրնայ վստահ ըլլալ: Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորելը հապճեպ քայլ էր: Անիկա չի բխիր Թուրքիոյ, կամ Ատրպէյճանի ազգային շահերէն», յայտարարած է խորհրդարանի երեսփոխան Ֆազայիլ Աղամալին:
– «Սերժ Սարգսեանը Թուրքիոյ թշնամին է: Ան Թուրքիան կը մեղադրէ այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան համար եւ տարածքային պահանջներ կը ներկայացնէ: Անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ Ապտիւլլա Կիւլը եղաւ առաջիններէն մէկը, որ Սարգսեանը շնորհաւորեց նախագահ վերընտրուելուն առիթով: Ասիկա անընդունելի է», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախկին նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդական Վաֆա Կիւլիւզատէն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Թուրքիոյ որոշումներուն մէջ Ատրպէյճանի անտեղի միջամտութիւնը սանձելու փոխարէն, երկչոտաբար պարզաբանած է, որ նախագահ Սարգսեանի յղուած նախագահ Կիւլի շնորհաւորական ուղերձը եղած է «դիւանագիտական քաղաքավարութեան եւ բարի կամքի դրսեւորում»: Կիւլը Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորած էր նաեւ 2008ի՝ նախագահի առաջին ընտրութիւններուն ժամանակ:
Ամենազօր թրքական կառավարութեան, որ իր քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ազդեցութիւնը կը տարածէ ամէնուրեք, տակաւին որքան ատեն պիտի հանդուրժէ Ատրպէյճանի յաճախակի միջամտութիւնը Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ:
Ե՞րբ Անգարան պիտի համարձակի Պաքուին ըսելու, որ ան զբաղի իր գործով եւ պարզաբանէ, որ Թուրքիան իր ազգային շահերը չի ստորադասեր Ատրպէյճանի եսակեդրոն ցանկութիւններուն:
Հայաստան բախտաւոր է, որ մինչ կը քննարկէ նախագահական ընտրութիւններու անդրադարձները, իր թշնամի հարեւանները՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան զբաղած են զիրար մեղադրելով:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը