ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսացի երեսփոխաններ Անրի Ժիպրայէլ եւ Քրիսթոֆ Մաս համատեղ յայտարարութիւն մը կատարած են՝ դատապարտելով Սումկայիթի ջարդի զոհերու յիշատակին համար խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման հաւաքը խանգարելու ատրպէյճանցիներուն արարքը՝ զայն խօսքի ազատութեան ոտնակոխում որակելով:
«Այդ անընդունելի գործողութիւնները կու գան վերահաստատելու, թէ Ատրպէյճանի եւ անոր նախագահ Ալիեւի հակահայ քարոզչութեամբ սնուող գործիչները իրենք իրենց կը համարեն կատարելապէս անպատժելի: Ֆրանսայի հանրապետութիւնը պէտք չէ արտօնէ, որ արտաքին ուժերը իրենց հակահայ ցեղամոլութիւնը ներածեն մեր երկիրը: Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, հրամայական անհրաժեշտութիւն է, որ Ֆրանսա վերահաստատէ իր ինքնիշխան հեղինակութիւնը եւ սատար կանգնի ֆրանսահայ համայնքի ոտնահարուած յիշողութեան: Նախագահ Հոլանտ իր նախընտրական արշաւին ընթացքին ստանձնած էր այդ յանձնառութիւնը: Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը դատապարտող օրէնքի վաւերացումը կը հանդիսանայ այն հզօր քայլը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ միաժամանակ պաշտպան կանգնիլ հայոց յիշողութեան եւ պահպանել մեր երկրի քաղաքացիական անդորրը», գրած են անոնք:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւս խստօրէն դատապարտած է ատրպէյճանցիներու քայլը՝ զայն «խորապէս դատապարտելի սադրանք» որակելով: «Ստեղծուած իրավիճակում դեսպանութիւնը նպատակայարմար է համարում մի քանի հարցադորւմներ անել, որոնք լոյս կը սփռեն իրականում տեղի ունեցածի վրայ: Ո՞րն էր ֆրանսերէն չիմացող ադրբեջանցի «ուսանողի»՝ Ազգային ժողովում հաւաքին մասնակցելու նպատակը: Ինչպէ՞ս էին այդ երկու անձինք, որոնց անունները առկայ չէին կազմակերպիչների կողմից ներկայացուած ցուցակում, ներթափանցել Ազգային ժողովի տարածք: Ինչպէ՞ս էր ադրբեջանական դիւանագիտական մեծ պատուիրակութիւնը «անսպասելի» միջադէպից րոպէներ անց՝ ադրբեջանցի լրագրողների եւ նկարահանող խմբի ուղեկցութեամբ հասել ԱԺ տարածք: Այս հանգամանքների համադրմամբ պարզ է դառնում, որ խօսքը վերաբերում է ադրբեջանական կողմի նախապէս մշակուած եւ հեռակառավարուած սադրանքի հետ, որի նպատակն էր Ֆրանսիայի Ազգային ժողովը դարձնել հակահայ քարոզչութեան գործիք, ապակողմնորոշել հանրային կարծիքը եւ վարկաբեկել ֆրանսիացի այն պատգամաւորներին, որոնք Բաքուի կողմից հռաչակուած են անբաղձալի անձեր: Դեսպանութիւնն օգտուելով առիթից՝ ցանկանում է շնորհակալութիւն յայտնել ֆրանսիացի բոլոր պատգամաւորներին եւ սենատորներին, որոնք այս ընթացքում իրենց աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնն են արտայայտել՝ դատապարտելով այս սադրանքը», նշուած է դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.