ՄՈՍԿՈՒԱ, ՀՌՈՄ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիա Ուրբաթ, Մարտ 1ին դատապարտեց մէկ օր առաջ Հռոմի մէջ տեղի ունեցած «Սուրիոյ բարեկամներ»ու ժողովին կողմէ ընդդիմութեան յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու որոշումները՝ ըսելով, թէ նման քայլեր պիտի քաջալերեն ծայրայեղականները ու պիտի կրկնապատկեն արիւնահեղութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Հռոմի մէջ թելադրեց քաղաքական լուծում մը որդեգրել՝ փորձելով համոզել Սուրիոյ ընդդիմութեան ղեկավարներէն Մոազ Խաթիպը: 17 պետութիւններու ներկայացուցիչներու եւ սուրիացի ընդդիմադիրներու կողմէ ուղարկուած պատուիրակներու ներկայութեան գումարուած ժողովին ընթացքին տիրական էր Սուրիոյ տագնապը քաղաքական միջոցներով լուծելու ելքի գրաւականը:
Հռոմի համաժողովի աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ, Խաթիպ յայտնեց, որ ժողովականները համաձայն գտնուած են ամէն ձեւով դէմ կենալու Սուրիոյ բաժանումին ու պահանջելու նախագահ Պաշշար Ասատէն, որ հեռանայ եւ ջլատուի վարչակարգի ապահովական կառոյցը:
Քերի վերահաստատեց իր երկիրին զօրակցութիւնը սուրիական ընդդիմութեան՝ նշելով, որ 60 միլիոն տոլարի յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի՝ ընդդիմադիրներուն ուտեստեղէնի եւ դեղորայքի կարիքները գոհացնելու համար: Ան պնդեց, թէ Միացեալ Նահանգներ զէնք պիտի չհայթայթէ սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներուն, սակայն Փենթակոնի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն՝ Ուաշինկթըն կը քննէ ոչ ծայրայեղական ուժերուն զինամթերք հայթայթելու հարցը:
Նաեւ, սուրիացի ընդդիմադիրներու Պոլսոյ մէջ կայանալքի Շաբաթ օրուան համագումարը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.