
ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ.- Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Չորեքշաբթի, Փետրուար 27ին տեղի ունեցած է ցոյց մը Հոլանտայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց՝ ընդդէմ ատրպէյճանական ռազմատենչ քաղաքականութեան եւ սումկայիթի ջարդերու 25ամեակին առիթով:
Ցոյցին մասնակիցները իրենց բողոքը արտայայտած են «Սումկայիթ, Պաքու, Մարաղա, Կիրովապատ, դադրեցուցէք ատրպէյճանական յարձակումները», «Ինքնորոշում Լեռնային Ղարաբաղին», «Մենք չենք մոռնար Սումկայիթի ջարդերը» կարգախօսներ պարզող պաստառներով:
Փետրուար 26ին Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպած են Հոլանտայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի անդամներուն հետ, փոխանցած Հայ Դատի յանձնախումբին պահանջագիրը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին վերաբերեալ եւ տեղեկութիւն տրամադրած Սումկայիթի ջարդերուն եւ Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան մասին: