ԹԵՀՐԱՆ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 27ին, ժամը 11ին Իրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց սկ-սաւ հաւաք մը՝ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ու հաշտութեան հաստատման կոչով եւ այլ երկիրներու, մասնաւորապէս Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալուն դէմ:
Ցոյցին ընթացքին ընթերցուեցաւ մասնակիցներու յայտարարութիւնը, ուր կը մատնանշուէր Սուրիոյ մէջ խաղաղ բնակչութեան, նաեւ ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս հայերու կրած կորուստները, կը դատապարտուէր Թուրքիոյ կողմէ սուրիական սահմանին մօտ ռազմավարական հրթիռներու տեղակայումը, յիշեցնելով Թուրքիոյ արիւնոտ պատմութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը հաստատուէր, որ Թուրքիան չի կրնար անկողմնակալ եւ կառուցողական դեր ունենալ սուրիական ճգնաժամը հարթելու գործընթացին մէջ եւ հանդէս կու գար առանց արտաքին միջատմութեան խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութեան կոչով:
«Հայկական գործօնի եւ տուեալ դէպքում՝ սիրիական արդէն երկամեայ տագնապի արդիւնքում սիրիահայ ծաղկուն համայնքի խիստ անմխիթար ու ծանրակշիռ իրավիճակը հաստատապէս հետեւանքն է միեւնոյն՝ թուրքական տարածաշրջանային ընդհանուր քաղաքականութեան, որտեղ սիրիացի տուժող ժողովրդից անմասն չի մնում նաեւ ու մանաւանդ սիրիահայ գաղթօջախը: Ահաւասիկ, ինչպէս ողջ հայաշխարհի ցաւակից ու պահանջատէր հայորդիներ, իրանահայ զաւակները եւս ամէն պատճառ ու հիմք ունեն առանց այն էլ ցեղասպան Թուրքիային բողոքի ցոյցերով յիշեցնել-զգուշացնելու իր՝ մասնաւորապէս հայութեան իւրաքանչիւր բեկորի կ՛ամ հատուածի ուղղակի թէ անուղղակի վնաս պատճառելու մասին:
Բողոքի ու արդար պահանջատիրութեան այս իրաւունքը յարգելով, ահա ԻԻՀ համապատասխան մարմինների ընդառաջմամբ ու համայնքիս ազգային մարմինների համադրական ջանքերով, թեհրանահայութիւնը ինչպէս միշտ՝ կուռ եւ քաղաքակիրթ կեցուածքով համախմբուելու է Թուրքիայի դեսպանատան առջեւ, իր գերազանցապէս բարոյական ու քաղաքական ձայնակցութիւն-նեցուկը ցուցաբերելու սիրիահայ մեր քաջակորով հայրենակիցներին», կը գրէ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.