Իր Տեսակին Մէջ Բացառիկ Երեկոյ Մը

«Ասպարէզ» թերթի էջերով, ամբողջ երկու շաբաթ ծանուցուեցաւ, տաղանդաշատ լուսանկարիչ ու հաւատաւոր հանրային գործիչ՝ Ցոլակ Յովսէփեանի 95 ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-հաւաքին բաց հրաւէրը։
Ընդառաջելով Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթի խմբագրութեան հրաւէրին, Հոլիվուտ, Սանթա Մոնիքա պողոտային վրայ բարձրացող Գաւառ ճաշարանը ուղղուեցանք, հոն հանդիպելու համար կուսակցական, մտաւորական ու գործարար հիւրերու ընտրանիի մը, որոնք եկած էին իրենց սէրը, հիացմունքն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու վաստակաշատ արուեստագէտին ու ջերմ հայրենասէրին։
Յոբելիարը՝ ընկեր Ցոլակը, շրջապատուած իր համակրելի ընտանիքի անդամներով, երիտասարդի խանդավառութեամբ կ՛ողջունէր հետզհետէ հասնող հիւրերը, ամէն մէկուն հետ փոխանակելով պահուան պատշաճ սրախօսութիւն մը կամ ալ կատակախառն պատասխան մը գտնելով՝ իր հասցէին եղած սրտաբուխ բարեմաղթանքներուն։
Շեշտենք, թէ անյաւակնոտ, ընկերական այսպիսի երեկոները կարեւոր իրենց ներդրումը կ՛ունենան, հաւաքական մեր կեանքի մէջ, ելլելով այն իրողութենէն, թէ սեղաններու շուրջ անմիջապէս ընկերական ջերմ մթնոլորտ մը կը ստեղծուի եւ յաճախ առիթը կ՛ընծայէ որ սեղանակից ընկերոջ կամ ընկերուհիին անձին մէջ առկայ ոչ պաշտօնական, ընկերասէր ու կատակասէր անհատը յայտնաբերես…
Երախտաւորեալը՝ նախկին իրաքահայ գաղափարապաշտ ու հայրենանուէր կուսակցական մը, որ ըստ զինք մօտէն ճանչցողներու վկայութեանց, գաղափարական իր ընտանիքին ու ժողովուրդին անսակարկ ծառայութեան մէջ գտած է իր կեանքին իմաստը։
Ընկեր Ցոլակ, օտար շրջանակներուն մէջ ծանօթ է որպէս տաղանդաշատ լուսանկարիչ մը, որուն նկարած դիմանկարները, չափազանցած չենք ըլլար, եթէ մէյ մէկ գլուխ գործոցներ կոչենք։ Եւ այս հաստատումը կ՛ընենք, որպէս իր իրաւունքին մէջ յայտնի լուսանկարիչի մը զաւակը եւ հոլիվուտեան շրջանակներու մէջ ծանօթ անուն դարձած արուեստագէտի ծնող։
Արդարեւ, երբ առաջին անգամ Լոս Անճելըսի մէջ ընկեր Ցոլակին հանդիպելու բախտը վիճակուեցաւ ինծի, արդէն հայ գրական մամուլէն անիկա ծանօթ էր իմ ազազուն վաստակիս։ Եւ փաստելու համար որ կարդացեր էր ափրիկեան թեմայով գործերս, տեղւոյն վրայ իւրայատուկ «ճոք» մը, սրախօսութիւն մը որոճաց ան՝ խափշիկ հերոսուհիներուս ֆիզիքական առանձնայատկութիւններու մասին ու յաջողեցաւ անմիջապէս ջերմացնել պահը։
Ապա զիս անկիւն մը կանգնեցնելով, վիզէն կախուած անբաժանելի լուսանկարչական մեքենայով, քանի մը րոպէներու ընթացքին, կեանքիս ամէնէն յաջողակ, անեղծ արտայայտչականութեամբ ցոլարձակող լուսանկարը քաշեց:
Եւ ամէնէն հետաքրքրականը, երբ քանի մը օր ետք ինծի երկարեց ծաւալուն իր գլուխ գործոցը, չուզեց անգամ լսել հատուցման կամ վճարումի մասին։ Իրը՝ արուեստի խորանի վրայ սրբագործութիւն էր, ուր նիւթականի նման մանրուք մտահոգութիւններ տեղ չունէին։
Լուսանկարիչ Ցոլակը, կամ ընկեր Ցոլակը իրաւ արուեստագէտի խոր զգայնութեամբ ու տեսողական արուեստի յատուկ շնորհներով օժտուած հուժկու անհատակութիւն մըն է, որ բարեբախտաբար իր շեշտուած համեստութեամբ կը շարունակէ ժողովուրդին մէջ ժողովուրդին ծառայել, ի տարբերութիւն մեր կարգ մը արուեստագէտներուն, որոնք յաճախ անզուսպ մեծամտութենէ կը տառապին։
Արդարեւ, մեր շուրջը ամէն առիթով կը հանդիպինք վիճելի տաղանդով գրողներու կամ արուեստագէտներու, որոնք անհիմն մեծամտութենէ առաջնորդուելով, իրենց համար մէյ մէկ բուրգ սարքած են ու կանգնած անոր գագաթին, ու անկէ կ՛իջնեն միայն, երբ իրենց բեմահարթակ կը յատկացուի եւ կամ ալ իրենց նոր գործերուն շնորհահանդէսը կը կատարուի, ապա կը կորսուին Գրողներու Միութեան տեսադաշտէն:
Երբ Չորեքշաբթի երեկոյեան, ներկաներս դիւթուած էինք մեր համակրելի արուեստագէտ ընկերոջ շուրջ տիրող զուարթ մթնոլորտով, որ առաջին վարկեանէն ստեղծուեցաւ շնորհիւ օրուան հանդիսավար՝ Ժան Գոսագեանի զաւեշտախառն խօսքին եւ ներկաներուն մօտ տիրող ուրախ տրամադրութեան։ Երեկոն իրենց ելոյթներով աշխուժացնողները իրարմէ տարբեր ոլորտնրու մէջ, իրենց յուշերն ու տպաւորութիւնները կիսեցին ներկաներուն հետ։
Գեղեցիկ անակնկալ մըն էր երգիչ ու երաժիշտ Գօգօ Հայիթեանի իւրայատուկ ելոյթները։ Արուեստագէտ այս տղան ո՞ւր թաքնուած էր իր անուրանալի տաղանդով։
Անձիս համար շատ յատկանշական դէպք մըն ալ կ՛ուզեմ յիշատակել, որ լոյս կրնայ սփռել յոբելեար ընկերոջ անխարդախ նկարագիրին վրայ։
1988, երբ «Ֆրիվէյ» հատորը լոյս տեսաւ, Համազգայինի կազմակերպութեամբ շնորհահանդէս մը տեղի ունեցաւ Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ, ուր չորս հարիւրի մօտ գրասէրներ փութացած էին, տօնակատարելու հայ գիրքի ծնունդը։ Ընտրանի հիւրերու շարքին, կարելի էր առանձնացնել, քաղաքս այցելող Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ՝ Վարդգէս Պետրոսեանը, որ ուղղակի շշմած էր այդ թիւով գրասէրներու ներկայութենէն ու մէկ գիշերուայ մէջ վաճառուած գիրքերու քանակով։
Երբ Գոսագեանը «Ասպարէզ»ի եւ «Հորիզոն»ի պատասխանատու խմբագիրը դարձաւ, այդ շրջանին, Վարդգէս Պետրոսեան զոհ գնաց տմարդ ոճիրի մը եւ մենք առ ի յարգանք ողբացեալ բանաստեղծին, որոշեցինք, սփռել սոյն շնորհահանդէսիս տեսաերիզը։ Սակայն ինծի համար անորոշ պատճառներով տեղի չունեցաւ սփռումը։
Եւ քանի որ ընկեր Ցոլակ մշտական ներկայութիւն էր «Հորիզոն»ի քուլիսներուն, տնօրէնութեան կողմէ իրեն կը յանձնուէր տեսաերիզը տիրոջը վերադարձնելու պարտականութիւնը։ Եւ որպէսզի չկորսուի, մեր ընկերը իր հետ տուն կը տանի զայն։
Սակայն տարիներով, տեսաերիզը պատանդ մնաց ընկերոջ մօտ եւ ժամանակի ընթացքին կորսուեցաւ անոր անթիւ իրերու եւ լուսանկարներու ալպոմներու լափիրինդոսին մէջ։
Եւ «ռեժիսոր» որդիս ամէն առիթով կը կրկնէր, թէ այդ շատ կարեւոր տեսաերիզին պէտք ունէր՝ հօրը դիմանկար-վաւերագրականը ամբողջացնելու համար։
Վերջերս, երբ «Ասպարէզ»ի խմբագրատունը կ՛այցելէի, յանկարծ ընկեր Ցոլակը գրասենեակ մտաւ եւ ուրախութեամբ աւետեց, թէ գտա՛ծ էր տեսաերիզը եւ անմիջապէս պիտի յանձնէր զայն իր տիրոջը։
Ցոլակ ջա՛ն, այնքան երախտապարտ եմ քեզի եւ քու պատկանած գաղափարական ընտանիքին։ Քու տաղանդովդ իրաւ արուեստագէտէ մը ու քու անհատականութեամբ գաղափարապաշտ հայրենասէրէ մը ուրիշ կերպ կարելի չէր սպասել։
Ընկեր Ցոլակները ատակ չեն իրենց գինիին մէջ ջուր խառնելու…
Եղբայրական մաղթանքս է որ շուտով հարիւրամեակդ տօնակատարենք։
————————————————————————————————–
Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդի Շնորհաւորական Գրութիւնը
Սիրելի պրն. Յովսէփեան,
Ձեր վաղեմի բարեկամներէն պրն. Պարոյր Յակոբեանի միջոցաւ տեղեկացանք, որ կը ձեռնարկէք նշել ձեր տարեդարձի 95ամեակը:
Վստահաբար յիշարժան առիթ մըն է սոյն յոբելեանը, զի նախախնամողն Աստուած ձեզի շնորհած է կենաց երկար տարիներ, որպէս տէրունական հաճութիւն:
Թէեւ վաղուց հեռացած էք Տիգրիսի ափերէն, սակայն մենք ձեզի կը նկատենք իբրեւ Իրաքահայ համայնքի վաստակաշատ զաւակներէն մին, որ արժեւորած է իրեն շնորհուած կեանքի բազում տարիները ազգասէր իրագործումներով ու հայավայել ընթացքով:
Ի խորոց սրտի կը շնորհաւորենք ձեր տարեդարձը՝ աղօթելով ձեր կենաց արեւշատութեան եւ քաջառողջութեան համար, մաղթելով, որ քանի մը տարիէն նշենք նաեւ հարիւրամեակը ձեր երկարակեացութեան: Տա՛յ Աստուած:
Պաղտատի քաղցր յիշատակներով մնամք՝
Աղօթարար Աւագ Արք. Ասատուրեան
Առաջնորդ Իրաքի Հայոց Թեմի
Shnorhavor Dznountit Daretartsin 95 Amyage, Maghtelov kez lavakouyn Yergnayin pariknerov endzayvis kalik 100 Amyagin, Spourka Hayoutuine chi bidi andese kez Unger Tsolak, kortson Unger.