
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լոս Անճելըս քաղաքի ընդհանուր հաշուապահ Ուենտի Կրուլ եւս որոշած է նեցուկ կանգնիլ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց մասնակցող Զարեհ Սինանեանի ընտրապայքարին:
Կրուլ նախապէս եղած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ զգալիօրէն բարեկարգելով քաղաքի կառավարութեան գործունէութիւնը եւ, Սինանեանի նման, կը ջատագովէ պետական անտեղի եւ անպատասխանատու ծախսերու կրճատումը: Կրուլ ներկայիս թեկնածու է Լոս Անճելըսի քաղաքպետական ընտրութեանց:
«Զարեհ փորձառութիւնն ու կարողութիւնը ունի յաջողութեամբ աւարտելու Կլենտէյլ քաղաքը աւելի լաւ վայր մը դարձնելու նպատակով սկսած իր պայքարը: Հպարտ եմ, որ նեցուկ կը կանգնիմ անոր ընտրապայքարին», կը յայտնէ Կրուլ:
Սինանեան ողջունեց Կրուլի որոշումը՝ զայն պատիւ մը համարելով: