
ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավար Հրաչ Վարժապետեան կը փոխանցէ, թէ Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը դատախազութեան փոխանցած է ատրպէյճանցիներու անօրինական կերպով Ֆրանսայի խորհրդարանի շէնք ներթափանցելու հարցը:
Ինչպէս նախապէս փոխանցած էինք, Փետրուար 26ին Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած Սումկայիթի զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին, որուն կը մասնակցէին նաեւ ֆրանսացի պատգամաւորներ, ատրպէյճանիցներ հրաժարած էին մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Սումկայիթի զոհերուն յիշատակը, յայտարարելով, որ պիտի յարգեն միայն Խոճալուի զոհերու յիշատակը: Այս յայտարարութիւնը յառաջացուցած էր հայ պատուիրակներուն դժգոհութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք վէճ ծագած էր: Իրադարձութեան միջամտած էր ոստիկանութիւնը: Անմիջապէս ետք ժամանած էր Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը եւ քննադատած տեղի ունեցածը: Հնարաւոր է, որ սադրիչ գործողութիւնները ծրագրուած էին աւելի շուտ, քանի որ ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ ատրպէյճանական պատկերասփիւռի ներկայացուցիչները:
«Դատախազութիւնը յաջորդ մէկ շաբթուան ընթացքին պիտի հաղորդէ, թէ երբ պիտի սկսին դատական լսումները: Հաստատ ենք, որ այս գործը աւարտին պիտի հասցնենք», կ՛ըսէ Վարժապետեան:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ ատրպէյճանցի օրինախախտները կը գտնուին ոստիկանութեան հսկողութեան տակ: