
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ արհեստավարժներու միութիւնն ու Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը միասնաբար մեծարեցին դոկտ. Վահան Գրիգորը, որ

վերոնշեալ առաջին կազմակերպութենէն ստացաւ «Կեանքի մը իրագործումներ»ու մրցանակը, իսկ երկրորդէն՝ Վիքթոր Համբարձումեանի անուան մրցանակը:
Դոկտ. Վահան Գրիգոր յայտնի ճարտարագէտ մըն է, որ նոր գործիքներ ու ինքնագործ գործարաններ հնարելու կողքին՝ գործօն մասնակցութիւն բերած է ամերիկահայ կազմակերպութեանց աշխատանքին: Ան հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած է Հայ արհեստավարժներու միութեան, նախագահը՝ Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեանց ու վարչութեան անդամ շարք մը կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ Ամերիկայի հայկական համագումարին, Հայ կրթական հիմնարկութեան, Իրանահայ միութեան, ու նախկին ատենապետը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի:
Դոկտ. Վահան Գրիգոր շարք մը մրցանակներ ու շքանշաններ ստացած է Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կառավարութեանց ներկայացուցիչներէ՝ գիտական մարզի մէջ իր իրագործումներուն համար: Ան նաեւ անդամ է Հայ ճարտարագիտական ակադեմիոյ:
Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան նախագահ Արմէն Յովհաննէսեան յայտարարեց, թէ ձեռնարկը իւրայատուկ է, որովհետեւ դոկտ. Վահան Գրիգոր միաժամանակ կը մեծարուի հայկական երկու կազմակերպութեանց կողմէ, Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ի նպաստ իր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ գիտական մարզին մէջ արձանագրած պատուաբեր յաջողութիւններուն համար:
Հայ արհեստավարժներու միութեան նախագահ Էնճելօ Կալեան եւս դրուատեց մեծարեալը՝ աւելցնելով, թէ ան «Հայ արհեստավարժներու միութեան իսկական սիւնը եղած է»:
Ձեռնարկը սկսաւ ընկերային պահով մը, որմէ ետք մասնակիցները վայելեցին հրամցուած ընթրիքն ու գեղարուեստական ճոխ յայտագիրը, մասնակցութեամբ երգչուհի Սեւանա Յովսէփեան-Սալմասի ու դաշնակահար Էնճըլա Չոլաքեանի: Ելոյթներ ունեցան նաեւ զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Լի Պաքա, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննէսեան, Ռուսիոյ երկրաբանական հարցերու նախկին նախարար դոկտ. Աշոտ Կարապետեան եւ «Արմինիըն Օպզըրվըր»ի խմբագիր Օշին Քէշիշեան:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր իրաւաբան Արթուր Աւազեան, իսկ բացումը կատարեց Քալիֆորնիոյ Գերագոյն ատեանի նախկին դատաւորներէն Արմատ Արապեան, որմէ ետք Լարա Ղարիպեան երգեց ազգային քայլերգը:
Այս առիթով, մեծարեալին յուշագիրներ ղրկած էին Կլենտէյլի քաղաքապետ Ֆրենք Քուինթերօ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ ու Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթօ:
Մեծարեալը ուրախութեամբ ընդունեց երկու կազմակերպութիւններուն կողմէ իրեն շնորհուած մրցանակները՝ իր հաճելի ու կատակախառն յուշերն ու զգացումները բաժնելով ներկաներուն հետ:
Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան ու Հայ արհեստավարժներու միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել յաջորդաբար՝ (818) 547-3372 ու (818) 685-9946 թիւերուն, կամ contact@aesa.org ու apsla@apsla.org հասցէներուն: