ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 6 Մարտին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Կիներու միջազգային օրուան։ Հակառակ անոր որ անիկա տեղի ունեցած էր երկու օր կանուխ, անիկա կայացած է ջերմ եւ իսկապէս տօնական մթնոլորտի մէջ:
Հրաւիրեալներու կարգին էին կին զինուորական ծառայողներ, նախկին ազատամարտիկներ, հայրենիքին իրենց կեանքը տուած զինուորներու եւ ազատամարտիկներու մայրերն ու այրիները եւ այլ նուիրեալ կիներ:
Հանդիսաւոր ձեռնարկին մասնակիցներուն ներկայացուած է «Նուիրում» վաւերագրական ֆիլմը, որ սահմանամերձ գիւղի հասարակ կիներու մասին է: Ժապաւէնին մէջ կարմիր թելով աշխարհին կոչ կ՛ուղղուի՝ «միայն թէ պատերազմ չլինի»:
«Մենք խաղաղութեան կողմնակից ենք: Բայց հարկ եղած դէպքում նորից զէնք կը վերցնենք», ժապաւէնը դիտելէ ետք հաստատած է կին ազատամարտիկները համախմբող հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Աիդա Սերոբեանը՝ յիշեցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի համար մղուած պայքարին զոհուած է աւելի քան 40 կին:
Իր պարզ, մարդկային շնորհակալութիւնը կիներուն յայտնած է նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը: «Այս ոչ պատերազմական, միեւնոյն ժամանակ եւ ոչ խաղաղ պայմաններում հայ կանայք ակտիւ կերպով գործում են բոլոր բնագաւառներում: Ցանկանում եմ շնորհաւորել ձեզ եւ իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնել», ընդգծած է Օհանեան:
Պաշտօնական բաժինը աւարտած է պատուոյ գիրերու, շքանշաններու եւ արժէքաւոր նուէրներու յանձնման արարողութեամբ: Յատուկ ծափողջոյններով մասնակիցները դիմաւորած են սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի մայրը՝ Գրետա Սարգսեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.