ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիայի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն: «Անկասկած մենք արձանագրում ենք, որ հայ-վրացական ռազմական համագործակցութիւնը գտնւում է բարձր մակարդակի վրայ եւ դինամիկ կերպով զարգանում է: Մենք միակարծիք ենք տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման եւ յատկապէս հակամարտութիւնների լուծման հարցում: Մենք արձանագրում ենք, որ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները տարածաշրջանի բոլոր երկրների համար անչափ կարեւոր են, եւ հակամարտութեանն առնչուող խնդիրները պէտք է լուծուեն միմիայն փոխադարձ հասկացողութեան, երկխօսութեան եւ խաղաղ բանակցութիւնների գործընթացով», յայտնած է ան:
Սէյրան Օհանեան տեղեկացուցած է, որ 2013 թուականին համար որոշուած են երկկողմանի համագործակցութեան ուղղութիւնները՝ ռազմական կրթութիւն եւ ուսուցում, խաղաղապահութիւն, ռազմավարական բարեփոխումներ եւ այլն: Ան նաեւ ընդգծած է, որ իր պաշտօնակիցին այցելութիւնը խթան պիտի հանդիսանայ ռազմական ոլորտին մէջ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման:
Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիան ըսած է, որ Հայաստանն ու Վրաստանը ոչ միայն դրացիներ են, այլ նաեւ բարեկամներ: «Մեր պատմական բարեկամութիւնը կը պարտադրէ, որ մենք շարունակենք բարիդրացիական յարաբերութիւններ ապահովելը, որովհետեւ այլ բան ընելու իրաւունք չունինք», նշած է ան։ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ յայտնած է, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է միացեալ զօրավարժութիւններու կայացման, ինչպէս նաեւ կայանալիք այլ նախաձեռնութիւններու գծով: «Վրաստանի վարչապետ Պիձինա Իւանիշվիլիի Հայաստան կատարած այցելութիւնը կ՛ապացուցէ, որ մեր երկու երկիրներու երկկողմանի եւ բազմակողմանի յարաբերութիւնները ապագային եւս պէտք է զարգանան եւ խորանան», յայտնած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.