Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Յետստամոքասային գեղձը, որ կը կոչուի նաեւ շարոյր (pancreas)՝ մեծ, երկար, կակուղ, կծկուող կարմիր-մանուշակագոյն գեղձ մըն է: Անիկա կը գտնուի ստամոքսին ետեւը:
Շարոյրի ընդհանուր կազմուածքը կը ներկայացնէ հետեւեալ բաժինները՝ գլուխ, վիզ, մարմին եւ պոչ: Գլուխը անմիջական կապակցութիւն ունի տասներկումատնեայ աղիքին (duodehum) հետ:
Անիկա կը նկատուի ծորանաւոր (exocrine) եւ ներծորան (endocrine) գեղձ, որովհետեւ անիկա կազմուած է երկու տեսակ բջիջներէ՝ ծորանաւոր եւ ներծորան:
Ծորանաւոր բջիջները կ՛արտադրեն շարոյրի մարսողական հեղուկը, որ հարուստ է շարք մը խմորիչներով (enzymes): Այս խմորիչներէն կարեւորագոյններն են՝ tripsin, amylase եւ lipase: Բջիջներու խմբաւորումները կը կազմեն հազարաւոր ծորիկներ (ductules), որոնց միացումով կը յառաջանայ շարոյրի մեծ ծորանը (duct): Միանալէ ետք մաղձածորանին (bile duct) հետ անիկա կը բացուի տասներկումատնեայ աղիքին մէջ:
Շարոյրի խմորիչները կը հոսին հազարաւոր ծորիկներու մէջէն, կ՛անցնին շարոյրի մեծ ծորանէն եւ կը հասնին տասներումատնեայ աղիք: Հոն գտնուող բնասպիտներու (protein), ածխաջրատներու (carbohydrates) եւ ճարպերու մարսողութիւնը կը կատարուի այս խմորիչներու ներգործութեամբ:
Այս բջիջները կ՛արտադրեն նաեւ այլ նիւթեր, որոնք կը հակակշռեն ստամոքսի թթուները:
Ներծորան բջիջները կ՛արտադրեն insulin եւ glucagon ներազդակները (hormones), որոնք ուղղակի կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ եւ կը հասնին լեարդ: Insuline-ը եւ glucagon-ը խիստ կարեւոր դերակատարութիւն ունին ածխաջրատներու նիւթափոխանակումի գործընթացին հետ: Insuline-ը կը նուազեցնէ արեան շաքարը, իսկ glucagon-ը՝ կը բարձրացնէ: Այս երկու ներազդակներու համագործակցութեամբ կը կանոնաւորուի արեան շաքարի քանակը:
Շարոյրի յաճախակի հիւանդութիւնները հետեւեալներն են.
Ա. Շարոյրի սուր բորբոքում (acute pancreatitis).
Բ. Շարոյրի երկարատեւ-մնայուն բորբոքում (chronic pancreatitis).
Գ. Շաքարախտ.
Դ. Քաղցկեղ.
Այս գրութեան մէջ շաքարախտի մասին պիտի չանդրադառնամ, այլ միայն միւս երեք հարցերը պիտի ներկայացնեմ հակիրճ ձեւով.
Ա. Սուր բորբոքում.
Շարոյրի սուր բորբոքումը լուրջ հիւանդութիւն մըն է, որ կրնայ մտահոգիչ հետեւանքներ ունենալ: Անիկա կը յառաջանայ ընդհանրապէս մաղձալեարդային բորբոքումէ մը ետք եւ մեծ քանակութեամբ ալքոլի սպառումով: Բորբոքումը կը հարուածէ շարոյրի երկու բաժիններն ալ՝ ներծորան եւ ծորանային բաժինները:
Շարոյրի սուր բորբոքումը սկզբնաւորութեան կը յայտականշուի զօրաւոր եւ մնայուն փորի ցաւով, որ կը տարածուի դէպի կռնակ: Ցաւը կը մեղմանայ առջեւ ծռելով եւ փորին վրայ ճնշում բանեցնելով: Բորբոքումի զարգացումով ցաւը կը սաստկանայ ջերմով, նողկանքով եւ փսխունքով: Այս հանգրուանէն ետք կացութիւնը կրնայ բարելաւուիլ կամ վատթարանալ: Բարելաւուելու պարագային ախտանշանները կը մեղմանան քանի մը օրերու ընթացքին եւ հիւանդ բջիջները կը վերագտնեն իրենց բնական վիճակը: Վատթարացումի պարագային, նոր եւ արագ զարգացումներով, անհատը կ՛ունենայ առատ քրտինք, սրտի արագ զարկ, արագ շնչառութիւն, ուշաթափութիւն, դեղնութիւն, նուաղում եւ նոյնիսկ կէս մահաքուն վիճակ (semicoma): Այս միջոցին շարոյրը կը սկսի հիւծելու եւ չի կրնար կատարել իր դերակատարութիւնները:
Սուր բորբոքումի բարդութիւններէն կարելի է նշել՝ սրտա-անօթային եւ շնչառական համակարգերու աշխատանքի տկարացում, թարախակոյտի կազմութիւն եւ փորի ջրակալում (ascitis), որ կը յառաջանայ շարոյրի բորբոքած ծորանի բացուելով եւ անոր հիւթերուն հոսքով դէպի որովայն:
Շարոյրի սուր բորբոքումի ախտաճանաչումը կը կատարուի սովորական քննութիւններէ անկախ արեան տարրալուծարանային յատուկ քննութիւններով, մասնաւորաբար արեան amylase-ի եւ lipase-ի քննութիւնները, որոնք սկզբնաւորութեան բարձրացում կ՛արձանագրեն եւ քանի մը օր ետք կը վերադառնան բնական կացութեան: Կը կատարուին նաեւ շարոյրի անդրձայնային (ultrasound), համակարգչային (CT Scan) եւ մաքնիսարձագանգային նկարահանում (MRI):

Շարոյրի սուր բորբոքումի թեթեւ պարագաները յատուկ դարմանամիջոցներու չեն կարօտիր, սակայն հիւանդները կատարեալ հանգիստ պէտք է ընեն տան մէջ, ցաւաբեկ դեղեր պէտք է գործածեն եւ առատ հեղուկ պէտք է խմեն:
Յառաջացած պարագաները պէտք է ըլլան բժշկական հիւանդանոցային խիստ հսկողութեան տակ, ուր անոնց կը կիրարկուի ներերակային հեղուկներ, հակամանրէական դեղեր, թթուածինի ներշնչում եւ ցաւաբեկ դեղեր: Յարակից բարդութիւնները կը դարմանուին ըստ պէտքի: Հիւանդը մինչ այդ կը շարունակէ ծոմապահութիւնը, այսինքն՝ ոչ մէկ բան կ՛ուտէ մինչեւ ընդհանուր կացութեան բարելաւումը: Ապաքինման շրջանին հիւանդը կը մնայ գործէ դուրս, կը հետեւի սննդականոնի եւ կ՛ունենայ համեմատաբար հանգիստ կեանք: Իսկ բարդութիւնները կը դարմանուին ըստ կարիքի, օրինակ՝ փորի ջրակալումը եւ թարախակոյտը կը կարօտին վիրաբուժական միջոցառումներու:
Բ. Մնայուն-երկարատեւ բորբոքում.
Շարոյրի մնայուն-երկարատեւ բորբոքումը կը զարգանայ մասնաւորապէս երկարատեւ ալքոլի գործածութեամբ:
Ալքոլի ազդեցութեան տակ շարոյրի բջիջներու երկու խմբաւորումներն ալ կը վնասուին եւ կ՛ունենան յառաջընթաց (progressive), անվերադառնալի (irriversible) եւ մնայուն վնասներ, ինչպէս նաեւ ծորաններու խցում, որոնց պատճառով գեղձին բոլոր պաշտօնները կը դանդաղին կամ կը կորսուին: Այս բոլորին որպէս հետեւանք շարոյրի մարսողական խմորիչներու եւ insulin-ի արտադրութիւնները կը նուազին եւ տեղի կ՛ունենան համապատասխան ախտանշաններ:
Շարոյրի մնայուն բորբոքումին ախտանշաններն են՝ կրկնուող եւ երկարատեւ փորի ցաւ, մարսողական դժուարութիւններ, ախորժակի նուազում, շաքարի անհանդուրժողութիւն եւ նիհարնալ: Տարիներ ետք ենթակաները կ՛ունենան ճարպակղկղանք (steatornhea):
Այս բորբոքումի երկարատեւ ժամանակաշրջանին շարոյրը կրնայ ունենալ անակնկալ եւ սուր բորբոքումներ, որոնք կը վատթարացնեն հիւանդութեան ընթացքը: Ասոնց հետ միատեղ շարոյրին մէջ կրնան զարգանալ կեղծ տոպրակներ, որոնք պէտք է վիրահատուին:
Մնայուն բորբոքում ունեցողներ աւելի հակամէտ են շարոյրի խլիրդ ունենալու:
Մնայուն բորբոքումին ախտաճանաչումը կը կատարուի այնպէս, ինչպէս կը կատարուի սուր բորբոքումին ախտաճանաչումը:
Մնայուն բորբոքումի դարմանումը կ՛ըլլայ հետեւելով յատուկ սննդականոնի եւ ցաւաբեկ ու խմորիչ դեղեր գործածելով: Իսկ յառաջացած շաքարախտը կը դարմանուի երկարաշունչ եւ յարատեւ դարմանադեղերով:
Գ. Շարոյրի քաղցկեղ.
Շարոյրի քաղցկեղներուն մեծամասնութիւնը կը ծագի շարոյրի ծորաններուն մէջ, մանաւանդ՝ գլխու բաժինին մէջ: Անոնք աւելի շատ կը պատահին տղամարդոց, ծխողներու եւ երկարատեւ շաքարախտաւորներու մօտ: Շարոյրի քաղցկեղներուն մէկ եր-րորդը հետեւանքն է ծխախոտի գործածութեան:
Քաղցկեղի ախտանշանները կը յայտնուին շատ ուշ, երբ արդէն ուռը մեծցած է եւ տարածուած է մօտակայ աւշագեղձերուն եւ հեռաւոր վայրեր՝ լեարդ եւ թոքեր: Առաջին եւ հիմնական ախտանշանը փորի վերի բաժինի ցաւն է, որ կը տարածուի դէպի կռնակ: Դեղնութիւն կը յառաջանայ, երբ ուռը մեծցած է եւ ճնշում կը բանեցնէ լեարդին, լեղուցին եւ անոնց ծորաններուն վրայ: Ստամոքսի արիւնահոսում տեղի կ՛ունենայ ստամոքսին մէջ անբնական անօթներու զարգացումով: Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը զգալի կշիռք կը կորսնցնէ՝ ախորժակի նուազումով եւ չուտելով, իսկ 25-50 տոկոսը կ՛ունենայ շաքարախտ:
Քաշցկեղի ախտաճանաչումին համար կը կատարուին արեան որոշ քննութիւններ, համակարգչային նկարահանում եւ մաքնիսարձագանգային նկարահանում:
Շարոյրի քաղցկեղներու դարմանումը շատ դժուար է: Պարագաներուն 80-90 տոկոսը վիրաբուժական միջոցառումէն չեն օգտուիր ախտաճանաչումը ըլլալէ ետք: Իսկ մնացեալ պարագաները կ՛ենթարկուին վիրահատման եւ «Ք» ճառագայթային դարմանումի (radiation therapy), որոնց օգուտը շատ գոհացուցիչ չէ: Այս բոլորին հետ միասին, շաքարախտը հակակշռելու համար կը տրուին յատուկ դեղեր: