
ԵՐԵՒԱՆ.– Ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան յայտարարած է, թէ իր կուսակցութիւնը ոչ մէկ կապ ունի այն լուրին հետ, որ հրապարակուեցաւ 12 Մարտի երեկոյեան, հայաստանեան թերթերէն մէկուն մէջ, եւ որ կը տեղեկացնէին, թէ «քաղաքական խորհրդակցութիւնների» իբրեւ արդիւնք Յովհաննէսեան մշակած է ենթադրեալ «նոր կառավարութիւն» մը: Թերթը հրապարակած է նաեւ կառավարութեան կազմը։
13 Մարտին Երեւանի «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մարտիրոսեան յայտնած է, որ «168.am» կայքէջի հրապարակումը «ուղղուած է շեղելու հասարակութեան ուշադրութիւնը իրական քաղաքական գործընթացներից»:
Վերոյիշեալ թերթը՝ վկայակոչելով «հաւաստի աղբիւրներ», Երեքշաբթի բացայայտած է Ազատութեան հրապարակին վրայ հացադուլ կատարող Յովհաննէսեանի այսպէս կոչուած «ստուերային կառավարութեան» կազմը:
Ըստ հրապարակման, 18 նախարարներուն մէջ են ՀՅԴի անդամ Արմէն Ռուստամեանը (տարածքային կառավարման նախարար, փոխվարչապետ), բնապահպանական գործիչ Մարիամ Սուխուդեանը (բնապահպանութեան նախարար), «Սարդարապատ» շարժման անդամ Տիգրան Խզմալեանը (մշակոյթի նախարար), ազատամարտիկ Ժիրայր Սէֆիլեանը (պաշտպանութեան նախարար), ամերիկահայ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանգեանը (սփիւռքի նախարար), Արմէն Մարտիրոսեանը (մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար), Զարուհի Փոստանջեանը (քաղաքաշինութեան նախարար) եւ այլն: