
ՎԱՏԻԿԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մարտ 13ի երեկոյեան, միայն երկօրեայ քուէարկութենէ ետք, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 115 կարտինալները ընտրեցին Հռոմի նոր (226րդ) պապը՝ 76ամեայ կարտինալ Հորհէ Մարիօ Պերկոկլիօն (Արժանթինէն): Ան պիտի յաջորդէ անցեալ ամիս անակնկալօրէն հրաժարած Պենետիքթ ԺԶ. պապին, ու պիտի կոչուի Ֆրանսիս Ա.: Ան կը հանդիսանայ 480 միլիոն կաթողիկէներու տուն հանդիսացող Հարաւային Ամերիկայէն ընտրուող առաջին պապը: Յայտնենք, թէ պապը կ՛ընտրուի կարտինալներու երկու երրորդ առաւել մէկ, այս պարագային՝ առնուազն 77 քուէներով:
Վատիկանի Սիսթինեան տաճարի ծխնելոյզէն բարձրացած էր սպիտակ ծուխը՝ աւետելով Հռոմի նոր պապի մը ընտրութիւնը: Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարի եւ աշխարհի կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը սկսան հնչելու այս առիթով: Նորընտիր պապը Ս. Պետրոս տաճարի շրջափակին մէջ հաւաքուած հազարաւոր հաւատացեալները ողջունեց:
Կարտինալներու համախմբումի ղեկավար կարտինալ Անճելօ Սոտանօ Երեքշաբթի օր սկսած քուէարկութիւններէն առաջ գովաբանած էր Պենետիքթ ԺԶ. պապը: