ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիա այցելող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Չորեքշաբթի, Մարտ 13ին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը զինելը խախտում մըն է միջազգային տարրական օրէնքներու՝ հակադարձելով Բրիտանիոյ եւ շարք մը այլ պետութեանց կողմէ կատարուած այն յայտարարութեանց, թէ պէտք է ընդդիմութիւնը զինել:
Բրիտանիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութիւնը եւս ազդարարեց, թէ ընդդիմութիւնը զինելու քայլը կացութիւնը աւելի պիտի վատթարացնէ, իսկ բրիտանական «Կարտիըն» թերթը գրեց, թէ սուրիացի ըմբոստներուն աջակցութեան տրամադրումը Սուրիոյ մէջ աղիտալի քաղաքացիական պատերազմի մը պիտի առաջնորդէ:
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած ռմբակոծումին պատճառով՝ իր ներկայացուցիչներէն դիւանագէտ մը զոհուած է Մարտ 13ին, մինչ «Ալմայատին»ը հաղորդեց, որ կեդրոնական Դամասկոսի Ֆահամա թաղամասին մէջ ռումբեր պայթած են՝ վիրաւորներ պատճառելով:
Նաեւ, Ռուսիոյ արտակարգ դրութեանց նախարարութիւնը Մարտ 13ին հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ բնակող Ռուսիոյ եւ ԱՊՀ երկիրներու 103 քաղաքացիներ Լաթաքիոյ օդակայանին ճամբով Մոսկուա փոխադրուած են:
Մինչ այդ, Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզ Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ Մարտ 12ին արտասանած իր խօսքին մէջ եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղեց՝ աշխատանք տանելու սուրիացիներն ու լիբանանցիները «իրանեան խենթութենէն» փրկելու, պնդելով, թէ Եւրոմիութիւնը պէտք է «Հըզպալլա»ն ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատէ: Անդրադառնալով սուրիական հարցին՝ ան յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին մօտ գտնուող քիմիական զէնքերը պէտք չէ «անյարմար ձեռքեր»ու մէջ իյնան եւ կոչ ըրաւ՝ արաբական խաղաղապահ ուժեր հաստատելու Սուրիոյ մէջ, բռնարարքները դադրեցնելու եւ փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելու նպատակով:
Իր կարգին, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց, «Սուրիոյ ընդդիմութեան կողքին կռուող ահաբեկչական կազմակերպութեանց վտանգէն» զգուշացուց՝ նշելով, որ այդ խմբաւորումները կրնան ապագային Իսրայէլի դէմ կռուիլ: Լիբանանի կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Հոն գոյութիւն ունի պայթումի մը վտանգը»՝ յոյս յայտնելով, որ 2006ի պատերազմին ընթացքին «մեր պարտադրած եւ «Հըզպալլա»ն սանձող ազդակը կը գոյատեւէ, այլապէս՝ պիտի ստիպուինք պէտք եղած ուժով եւ ազդու կերպով շարժելու»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.