ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հռոմի նորընտիր Ֆրանսիս պապին կողմէ 2006 թուականին Թուրքիոյ ուղղուած կոչը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, մեծ արձագանգ գտած է թրքական մամուլին մէջ: Թրքական «ensonhaber.com»ը «Նոր պապ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոյի գաղտնիքները» խորագիրով յօդուածին մէջ անդրադարձած է Հռոմի պապին կեանքի անյայտ դրուագներուն:
Պարբերականը ընդգծած է, որ 2006 թուականին՝ Պուէնոս Այրէսի կարտինալ եղած ատեն, Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոն մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան՝ կոչ ուղղելով Թուրքիոյ՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Հայոց Ցեղասպանութիւնը անպայման պէտք է ճանչցուի՝ իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին եւ մարդկութեան դէմ գործուած սարսափելի յանցագործութիւն», թրքական պարբերականը մէջբերած է կարտինալին խօսքէն։
Լրատուամիջոցը նշած է նաեւ, որ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ 266րդ հովուապետը ուշադրութիւն գրաւած էր յատկապէս 2001 թուականին, երբ Արժանթինի մէջ լուացած, ապա համբուրած էր Մարմնի դիմադրողականութեան անկման վարկածով (էյչ.Այ.Վի.) հիւանդ 12 արժանթինցիներու ոտքերը:
Թրքական լրատուական կայքէջին համաձայն, Հռոմի նորընտիր պապը ճանչցուած է ժողովուրդին հետ ունեցած իր մտերիմ յարաբերութիւններով, ան յաճախ կ՛երթեւեկէ ոչ թէ անձնական ինքնաշարժներով, այլ մեթրոյով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.