ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Եւրոպական Միութեան հարցերով Թուրքիոյ պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ յայտնած է, թէ «չի յիշեր», որ ասորիներու հասցէին սեռական բնոյթի վիրաւորական խօսք ըսած է Շուէտի մէջ:
Ըստ ասորական աղբիւրներու՝ նախարարը Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-1924ին տեղի ունեցած ասորիներու ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու ուղղուած ջանքերը համեմատած էր գիջութեան (masturbation) հետ:
««Սէյֆօ»ի (ասորերէն՝ ցեղասպանութիւն) հարցը գիջութիւն դարձուցած էք ու կը թմբկահարէք Շուէտի խորհրդարանին եւ լրատուամիջոցներուն մէջ. ատով ինչի՞ կը ցանկաք հասնիլ», Շուէտի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան յարկէն ներս ասորական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ժամանակ ըսած էր Պաղըշ:
Շուէտի մէջ (ան Սթոքհոլմ այցելած էր իբրեւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլահ Կիւլի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմի անդամ) թուրք նախարարը իր այդ խօսքերէն «ետդարձ» կատարելով՝ յայտարարած է, թէ չի յիշեր, որ այդպիսի բան ըսած է: Ան աւելցուցած է, որ ոեւէ մէկը վիրաւորելու նպատակ չէ ունեցած, սակայն եթէ վիրաւորած է, ապա՝ պատրաստ է ներում հայցելու:
Պաղըշի խօսքերը զարմացուցած ու վրդովեցուցած են Շուէտի Ասորիներու դաշնակցութեան նախագահ Քլնան Անթերին: «Նախ եւ առաջ, ան ներում չհայցեց: Ան պարզապէս ըսաւ, թէ պատրաստ է ներում հայցելու, եթէ վիրաւորած է ոեւէ մէկը: Ան այդ ձեւով կ՛ակնարկէ, որ մենք՝ հանդիպման ներկայ 7-8 ասորիներս, որ զինք ու դեսպանը յարգեցինք եւ չլքեցինք դեսպանատունը, կը ստենք», ըսած է Ալթերի եւ աւելցուցած, որ «ան առնուազն կրնար չհերքել, որ այդպիսի բան ըսած է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.