ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու թուրք գործարարներուն կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ներդրումներ կատարելու: Թրքական Անկախ ճարտարարուեստական գործարանատէրերու եւ գործարարներու ընկերակցութեան Պոլսոյ խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ թուրք գործարարները պէտք է այդ շրջանները երթան եւ անոնց տնտեսական զարգացման աջակցին: Նախարարը յայտնեց, որ 2013ը այդ շրջաններուն մէջ ընտրութեան տարի պիտի ըլլայ՝ աւելցնելով, որ այդ շրջաններուն մէջ փոփոխութիւնը դիւրին պիտի չըլլայ: Հերքելով այն պնդումը, թէ Թուրքիա եւ Եգիպտոս մրցակիցներ են՝ Տաւութօղլու ըսաւ, որ Թուրքիա նեցուկ պիտի կանգնի Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ՝ անոնց մրցակից ըլլալու փոխարէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Anshoushd Snengarzoutian Yezrin Haassadz yen!!!