ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոմիութենէն դիւանագէտներ Ուրբաթ, Մարտ 15ին յայտնեցին, թէ Եւրոմիութեան անդամ կառավարութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դէմ արտայայտուած է Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ այս շաբթուան ընթացքին օրակարգի վրայ դրուած այն առաջարկին, թէ Սուրիոյ տագնապին բոլոր կողմերուն զէնքերու հայթայթումը կասեցնելու որոշումը պէտք է վերատեսութեան ենթարկել, որպէսզի կարելի ըլլայ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ կառավարութեան դէմ զինեալ պայքար մղող ընդդիմութեան:
Սակայն, դիւանագէտները յայտնած են, թէ յառաջիկայ շաբաթ, Եւրոմիութեան արտաքին գործոց նախարարները իրենց ժողովին ընթացքին դարձեալ պիտի քննեն ընդդիմութիւնը զինելու հարցը:
Իր կարգին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Մարտ 15ին յայտնեց, որ Գերմանիա պիտի սերտէ սուրիական ընդդիմութեան զէնք մատակարարելու հարցը, մինչ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու գծով աճապարանօք տրուած որոշումներէն զգուշացուց:
Մէկ օր առաջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարած էր, թէ Ֆրանսա եւ Բրիտանիա սուրիական ընդդիմութեան զէնք պիտի մատակարարեն, նոյնիսկ եթէ Եւրոմիութեան մէջ այս գծով համաձայնութիւն չգոյանայ: Ան ըսաւ, որ Ֆրանսա եւ Բրիտանիա Եւրոմիութիւնը պիտի հրաւիրեն ժողովի մը, որ թերեւս տեղի ունենայ մինչեւ Մարտի աւարտը՝ քննելու համար սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման դէմ հաստատուած արգելքի վերացումը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ եւս Եւրոմիութեան առաջարկած էր վերացնել սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարումին վրայ հաստատուած արգելքը:
Մինչ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը ողջունեց Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ այդ որոշումը, Սուրիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ այդ յայտարարութիւնը միջազգային օրէնքի բացայայտ ոտնձգութիւն է: Ռուսիա եւս նախապէս յայտարարած էր, թէ միջազգային օրէնքներու խախտում մըն է սուրիական ընդդիմութիւնը զինելը:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի Լոնտոն այցելութեան աւարտին յայտնեց, որ Սուրիոյ վարչակարգին ու ընդդիմութեան միջեւ բանակցութեանց ծիրի ճշդման համաձայնութիւն կարելի չէ եղած գոյացնել ռուսական կողմին հետ: Ան նշեց, որ հակառակ ատոր, Բրիտանիա եւ Ռուսիա Ժընեւի համաձայնութեան հիմամբ՝ Սուրիոյ մէջ քաղաքական ուղղակի երկխօսութեան սկսելու կարեւորութեան շուրջ համաձայնած են: Ան յոյս յայտնեց, որ Ազգային համաձայնական խորհուրդի նախագահ Մոազ Խաթիպ մօտ օրէն Մոսկուայի մէջ ռուս պաշտօնատարներու հետ քննարկումներ կը կատարէ:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ սուրիական տագնապի լուծման առիթ մը գոյութիւն ունի՝ շեշտելով, որ «պէ՛տք է զայն օգտագործել՝ հակառակ Սուրիոյ թշնամիներու դաւերուն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.