Կիրակի, Փետրուար 10ի յետմիջօրէին, Կրընոպլի Հայ Մշակոյթի տան «Ժ. Մարանճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ նախկին ընդիմադիրներու (resistants) եւ ռազմիկներու միութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը, որուն յաջորդեց սիրոյ սեղան մը:
Ներկայ էին միութեան նախագահ Ժիրայր Արապեան, փոխնախագահ Տանիէլ Մարանճեան, քարտուղար Ժան Ֆորեսթիէ, գանձապահ Պետրոս Մանուկեան, անդամ Ղուկաս Սիմոնեան: Միութեան նախագահին բարի գալստեան խօսքէն ետք, յաջորդաբար ելոյթ ունեցան միութեան պատասխանատուները, ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը եւ միութեան առաքելութիւնը՝ հայ գաղութէն ներս:
Աւարտին, Տանիէլ Մարաճեան շնորհաւորեց նախագահ Ժիրայր Արապեանի 60ամեայ վաստակը միութենէն ներս, նախ՝ 25 տարիներ հիմնադիր եւ պատուոյ նախագահ հանգուցեալ Կարապետ Մարանճեանի կողքին, ապա՝ մինչեւ մեր օրերը, եւ անոր յանձնեց Ֆրանսահայ նախկին ընդիմադիրներու եւ ռազմիկներու պատուոյ վկայականը ու ծաղկեփունջ մը անոր կնոջ՝ Մարի-Ռոզին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.