
Պուէնոս Այրէսի Հայ կեդրոնի «Սիրանոյշ» սրահին մէջ Երեքշաբթի, Մարտ 12ին կայացաւ «Հայերու ներգաղթը Արժանթին. Հարիւրամեայ պատմութեան նկարագիրը ուղեւորներու ցուցակներուն համաձայն (1889-1979)» գիրքին շնորհանդէսը:
Գիրքին հեղինակներն են Նելիթա Պուլղուրճեանն ու Խուան Քարլոս Թուֆեկսեանը:
Գիրքը հրատարակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի հիմնադրամին կողմէ:
Շնորհանդէսին ելոյթ ունեցաւ Պուէնոս Այրէս քաղաքի կառավարութեան մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային բազմակարծութեան փոխքարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխը, Լատինամերիկեան գաղթականութեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի նախագահ Ալիսիա Պեռնասկոնին, համալսարանական փրոֆեսէօր եւ աշխարհաքաղաքական գիտութիւններու փորձագէտ Ատոլֆօ Քութունճեանը, գիրքի հեղինակները՝ դասախօս Նելիթա Պուլղուրճեանը եւ ճարտարագէտ Խուան Քարլոս Թուֆեկսեանը:
Հանդիսութեան ներկայ եղան Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Մելիքեանը, Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլիի թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանը, ակադեմական շրջանակներու, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:
Գիրքը, որ իր բնոյթով եզակի է, հեղինակներու երկար տարիներու մանրակրկիտ աշխատանքի արդիւնքն է: Ուսումնասիրուած են Արժանթինի Գաղթականութեան ազգային վարչութեան արխիւները եւ աշխատութեան էջերուն մէջ կան Արժանթին մուտք գործած աւելի քան 18.000 հայերու տուեալներ:
Այնտեղ կատարուած է հայ ներգաղթեալներու սեռային, տարիքային, կրօնական, կրթական տուեալներու վերլուծութիւն եւ եզրայանգում: Առանձին նշուած են նաեւ Արժանթինի այն քաղաքները, ուր հասած են հայ ներգաղթողները: