ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի խմբապետական կազմին, Կիրակի, Փետրուար 24ին, «Ասպարէզ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ սկաուտական աստիճաններու տուչութիւն եւ փոխանցում՝ ներկայութեամբ վարչական եւ սկաուտ խորհուրդի եղբայրներու եւ մեծ թիւով ծնողներու ու բարեկամներու, որոնք եկած էին ներկայ գտնուելու իրենց զաւակներու եւ թոռներու սոյն հանդիսութեան:
Իրապէս առինքնող էր պարզուած տեսարանը՝ պահ մը փոխադրելով հանդիսատեսները դէպի մանկութեան օրերը, երբ իրենք ալ, այս փոքրիկներուն պէս առոյգ եւ կայտառ, կ՛երգէին եւ սկաուտական ծափերով իրենց գոհունակութիւնը կը յայտնէին, իսկ հիմա, ձեռքի դանդաղ շարժումներով կը մասնակցէին գայլիկ, սկաուտ եւ արենոյշ եղբայրներու եւ քոյրերու ծափերուն եւ կանչերուն, երնէ՜կ տալով մանկութեան քաղցր օրերուն: Անոնք, որոնք ապրած ու գործած են սկաուտական խումբերու մէջ, անո՛նք միայն կրնան ըմբոշխնել ու զգալ պարզուած տեսարանին քաղցրութիւնը:
Նշան Տէր Գալուստեան, հանդիսութեան բացման խօսքը կատարելով՝ իր եւ վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց եւ ըսաւ. «Իրապէս մենք մեզ ուրախ եւ հպարտ կը զգանք, երբ այսպիսի առիթներով մեր շուրջ բոլորուած կը տեսնենք մեր ծնողներն ու մեծ հայրերն ու մայրերը, որոնք իրենց զաւակներն ու թոռները կ՛առաջնորդեն դէպի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը: Ինչպէ՞ս չհպարտանալ, երբ կը տեսնենք մեր աչքին դիմաց նստած փոքրիկներ՝ իրենց սկաուտական տարազներով եւ փողկապներով, կակուղ թաթիկներով բարեւ կու տան ու կ՛առնենեն: Կը շնորհաւորենք մեր խմբապետական կազմը, որ օտար ափերու վրայ, այսպիսի ազգօգուտ աշխատանք կը կատարէ՝ դաստիարակելով նոր սերունդը ՀՄԸՄի տեսլականով»:
Սկաուտ քոյրերը, եղբայրներն ու գայլիկները, իրենց երգերով, կանչերով եւ ծափերով խանդավառեցին ներկաները, ապա տեղի ունեցաւ աստիճաններու տուչութիւն եւ փոխանցում:
Սեւակ Սանիկեան առաջնորդի աստիճան ստացաւ, Սեդա Խաչիկեան՝ Մոկլիի օգնականի պաշտօն, երկու գայլիկ եղբայրներ, կատարելէ ետք Կակուղ թաթիկի գիտելիքները՝ փողկապ ստացան, իսկ 9 գայլիկներ փոխանցուեցան սկաուտական շարքերը:
Սկաուտական երգերով եւ ծափերով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:
ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ խմբապետական կազմին, Ուրբաթ, Մարտ 8ին, երեք օրերու ընթացքին, ՀՄԸՄ Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի եռօրայ բանակումը տեղի ունեցաւ անտառախիտ եւ ձիւնածածկ Շէյվըր լիճի ափին, մասնակցութեամբ աւելի քան 25 գայլիկ-սկաուտներու եւ օգնական ծնողներու:
Ուրբաթ առաւօտեան, խմբապետական կազմի անդամներ՝ աքելլա Լիսա Փանոսեան, խմբապետուհի Կարինէ Գնտոյեան եւ պաղիրա Սօսէ Գնտոյեան, ընկերակցութեամբ 10 քոյրերու եւ եղբայրներու, Շէյվըր լիճ բարձրացան՝ բանակավայրի պատրաստութեան աշխատանքները կատարելու: Հակառակ եղանակի աննպաստ պայմաններուն, ա-նոնք հսկայ երկյարկանի շէնքը վերածեցին յարմար բանակավայրի՝ դասաւորելով ննջարաններ, խոհանոց եւ յարակից բաժանումները: Խումբին կ՛ընկերանային նաեւ երկու խոհարարուհիներ եւ երկու ծնողներ:
Երեկոյեան, երկու ծնողներ Շէյվըր լիճ մեկնեցան՝ իրենց հետ տանելով սկաուտներուն պայուսակները: Եղբայրներ եւ քոյրեր եւս անոնց ընկերացան: Նշան Տէր Գալուստեանի եւ Յովհաննէս Գարօղլանեանի պարտականութիւնն էր Ուրբաթ գիշերուան հսկողութիւնը: Երբ բոլորը բանակավայր ժամանեցին, տեղի ունեցաւ ընթրիք, ապա խմբապետուհի Կարինէն եւ Ռիթա Խաչիկեանը, ինչպէս նաեւ սկաուտները ներկայացուցին գիտելիքներ եւ հայ հերոսներու մասին ծանօթութիւններ:
Շաբաթ, Մարտ 9ին, ծնողներու առաջնորդութեամբ, բանակավայր ժամանացին 12 գայլիկներ: Դրօշակի արարողութենէն ետք, Կարինէն խօսեցաւ ՀՄԸՄի հիմնադիրներուն մասին, իսկ աքելլա Լիսա եւ քոյր Սօսէ ներկայացուցին Սասունցի Դաւիթի աւանդական պատմութիւնը:
Տեղի ունեցան երգի փորձեր, Ապրիլ 24ի սգատօնին համար, ինչպէս նաեւ խարոյկահանդէսի պատրաստութիւն, որ տեղի պիտի ունենար նոյն գիշերը, ձիւնապատ լերան լանջին, ապա՝ ընթրիքի պատրաստութիւն:
Մայք Թոփալեան, որ Շաբաթ օրուան գիշերային պատասխանատուն էր, գիշերուան մութին, հետը առնելով կամաւոր եղբայրներ եւ քոյրեր՝ քայլարշաւ մը կատարեց ձիւնապատ անտառի ճամբաներուն վրայ, վայելելով բնութեան անդորրը ու անտառի ծառերուն վրայ հանդարտօրէն իջնող ձիւնի փաթիլները:
Կիրակի առաւօտ, Մարտ 10ին, նախաճաշէն ու բանակավայրին դիմաց ձիւնագնդակ խաղալէ ետք, բոլորը մեկնումի պատրաստութիւններու սկսան:
Խմբապետական կազմը, իր խորին եւ անկեղծ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ «Սասուն» մասնաճիւղի վարչական անդամներուն, սկաուտ խորհուրդին, խոհարարուհիներ Սուզի Քոչէքեանին ու Սօսի Խաչատուրեանին, իրենց պատրաստած համով-հոտով կերակուրներուն համար, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր ծնողներուն եւ բարեկամներուն, որոնք աշխատեցան բանակումին յաջողութեան համար:
Բոլորին վարձքը կատար:
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ՀՄԸՄ «ՍԱՍՈՒՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ