
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Մարտ 1ի երեկոյեան, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ստեփան Փարթամեանի «Հայը Ամերիկայի Մէջ» («The Armenian in America») գիրքին ներկայացումը:
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր դոկտ. Մարալ Երանոսեան: Իր տպաւորութիւններով հանդէս եկաւ Հրաչ Սեփեթճեան, իսկ գիրքը ներկայացուց դոկտ. Մինաս Գոճայեան:
Ստեփան Փարթամեան հանգամանօրէն պատմեց իր վաւերագրած հայերէն բոլոր արձանագրութիւններուն մասին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տարածքին:
Դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան յայտագիրին վերջաւորութեան իր սրտի խօսքը արտայայտեց որպէս երկար տարիներու բարեկամ, ապա հրաւիրեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանը, որ փոխանցեց սրբազան հօր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը, Ստեփան Փարթամեանի հրատարակած գիրքին առիթով: Աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօն: