
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական (ԳԶՎ) Ազգային վարժարանի աշակերտական խորհուրդը նախաձեռնած է գրենական պիտոյքներու հաւաքի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ գործնականօրէն օժանդակութեան ձեռք երկարել Հայաստանի մէջ Սան Ֆրանսիսքոյի ԳԶՎի քոյր վարժարանի՝ Օշականի Փայլակ Բաբգէնեանի անուան վարժարանի, աշակերտներուն: Յիշեցնենք, թէ վարժարանը կոչուած է Արցախի ազատամարտի ընթացքին զոհուած՝ Օշականի սիրուած ուսուցիչներէն մէկուն անունով:
Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ այս տարուան Յունիս ամսուան ընթացքին Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի 7րդ կարգի աշակերտներու ընտանիքներէն խումբ մը Օշականի վարժարանը պիտի այցելէ, եւ կարելի պիտի ըլլայ հաւաքուած նուէրները այդ միջոցաւ Հայաստան հասցնել:
2005էն ի վեր տրամադրուող օժանդակութեանց շնորհիւ, Փայլակ Բաբգէնեանի անուան վարժարանը ներկայիս ունի վազող ջուր, անգլերէն գիրքերով հարստացած նոր գրադարան, համակարգիչներու կեդրոն ու մարզական եւ դասարանային պիտոյքներ:
Վարժարանը կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ մասնակցի գրենական պիտոյքներ նուիրելու այս արշաւին: