
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Ըստ Արժանթինի մեր պաշտօնակից «Արմէնիա» թերթին՝ կարտինալ Հորհէ Մարիօ Պերկոկլիոյի ընտրութիւնը որպէս Ֆրանսիս պապ ոչ միայն ուրախութիւն բերաւ Արժանթինի բնակչութեան, այլ նաեւ՝ յոյսի լոյս մը կը բանայ հայոց պանջատիրական պայքարին:
«Արժանթինի հայերը զգացուած են, տրուած ըլլալով որ Կարտինալ Պերկոկլիօ միշտ եղած է հայ համայնքին անկեղծ բարեկամ մը: Ան շարունակաբար Հայ Դատի ի նպաստ իր աջակցութիւնը ցոյց տուած է, մանաւա՛նդ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի Կաթողիկէ Մայր տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով մատուցուած Ս. պատարագներուն, բազմիցս իր խօսքը ներկայացնելով հովուական պատգամներու մէջ», կը յայտնէ «Արմէնիա» թերթը:
2004ի Ապրիլ 23ին, Արժանթինի հայ համայնքի երիտասարդներուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի եւ յիշատակումի ցոյցի աւարտին, Պուէնոս Այրեսի կաթողիկէ Մայր տաճարին մէջ էքումէնիք Ս. պատարագ մը մատուցուեցած էր ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն: «Հայր Մեր»էն ետք, կարտինալ Հորհէ Պերկոկլիօ հովուական իր պատգամին մէջ նշեց Ապրիլ 24ը: «Ցեղասպանութեան ցաւը մեզ կը միացնէ: Ցեղասպանութիւն մը որ, 20րդ դարու առաջինը ըլլալով հանդերձ, ներկայիս բոլոր մեծ պետութիւնները ջանք կը թափեն զայն լռեցնելու եւ ծածկելու: Մենք կը ցանկանանք յիշել նահատակները, եւ կ՛ուզենք այդ ցաւը յայտնաբերել, որպէսզի մեր վէրքը իբրեւ մարդկութեան ներկայացուցիչներ, 20րդ դարուն ազգի մը ընդդէմ հալածանքի առաջին վէրքը յայտնաբերուի՝ մեզ ամօթ պատճառելով, եւ մղելով ներողութիւն խնդրելու, մերժելով զայն ծածկելը, շինծու եւ մանր շահերու ի նպաստ: Այս առումով է այս յիշատակումը… Աղօթենք որպէսզի Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ մեզի», իր քարոզին մէջ յայտնած է այդ օրերու կարտինալ առաջնորդ Պերկոկլիօ:
«Քանի մը տարի ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան 91ամեակի յիշատակման առիթով, 2006 թուականի Ապրիլ 22ին, Պուէնոս Այրեսի դարձեալ Կաթողիկէ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած էքումէնիք Ս. պատարագի մը առիթով, Պուէնոս Այրեսի կարտինալ առաջնորդ Հորհէ Մարիօ Պերկոկլիոյի եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի նախաձեռնութեամբ, ներկայիս Ֆրանսիս պապը յայտնեց. «Այսօր եկած ենք աղօթելու ազգի մը համար, որուն նկատմամբ մարդկային իրաւունքները տակաւին չեն իրագործուած», նշելով կայսրութեանց տխուր դիրքորոշումը, որ ճշմարտութեան փոխարէն կը նախընտրեն շինծու շահերը: Այդ առիթով, կարտինալ Պերկոկլիօ իր աղօթքը եզրափակեց խնդրելով արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն», կը գրէ «Արմէնիա»: