
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով վերջերս յայտնուած «Պարըշ» ծածկանունով վկան, դատարանին մէջ նոր մանրամասնութիւններ բացայայտած է՝ յայտարարելով, որ սպանութիւնը իրագործած Օկիւն Սամասթ կապեր ունէր Տրապիզոն նահանգի եւ Պոլսոյ ոստիկանական հրամանատարութիւններուն հետ, որոնցմէ նաեւ օգնութիւն ստացած է:
Ըստ «Ակօս»ին՝ վկան ըսած է, թէ Տինքի սպանութեան մասնակից եղած է նաեւ Կիրեսունի ոստիկանութեան աշխատակից Տուրսուն Ալի Քարատումանը, որ սպանութենէն ետք պէտք է կազմակերպէր նաեւ Սամասթի փախուստը դէպի Ատրպէյճան: Վկան նաեւ նշած է, որ ոստիկանութեան հետախուզական բաժանմունքները 2003էն մինչեւ 2007, երբ տեղի ունեցաւ անոր սպանութիւնը, հետեւած են Հրանդ Տինքին:
«Սամասթ Պոլիս եկած է ուղեկցութեամբ Տրապիզոնի ոստիկանութենէն ենթասպայի մը, որ զայն տեղաւորած է եւ անոր հետ հետազօտած խմբագրութեան շրջակայքը եւ անձամբ հետեւած է սպանութեան», ըսած է վկան: Ան նաեւ նշած է, որ Սամասթը Պոլսոյ մէջ դիմաւորած է քաղաքի ոստիկանութեան աշխատակիցներէն մէկը, որ նոյնպէս մասնակից էր զայն Ատրպէյճան փախցնելու ծրագիրին:
Վկան յայտնած է, որ Սամասթի ձերբակալութենէն ետք փոխուած է այն զէնքը, որով ան կատարած էր սպանութիւնը: Ան պնդած է, թէ Թուրքիոյ մէջ պետական յեղաշրջման փորձի մեղադրանքով «Էրկենեքոն»ի հարցով ձերբակալուած զօր. Վելի Քիւչիւք եւ Տրապիզոնի ոստիկանութեան նախկին պետ Ալի Օզեն, Տինքի սպանութեան նպատակով գործակցած են Քարատումանին հետ:
Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 13րդ ատեանը 2012ի Յունուար 17ին վճռած էր 20.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտել Սամասթը, իսկ զայն սպանութեան դրդած Եասին Հայալին՝ ցմահ բանտարկութեան: Տինքի ընտանիքի փաստաբանները կը բողոքեն, որ սպանութիւնը կազմակերպուած է յանցագործ խմբակի մը կողմէ եւ կը պահանջեն բացայայտել բոլոր կազմակերպիչները: