
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 1ին երեկոյեան ժամ 7ին, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանին մէջ (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504) դարձեալ տեղի պիտի ունենայ ամերիկահայ արուեստագէտ Արթուր Փինաճեանի (1914-1999) ստեղծագործութեանց ցուցահանդէսը՝ համագործակցութեամբ «Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահին, որ Փինաճեանի գործերու ներկայացուցիչն է:
Ցուցահանդէսը, որ տեղի կ՛ունենայ բարերարներ տէր եւ տիկին Ճերի եւ Փաթրիսիա Թրբանճեաններու հովանաւորութեամբ, բաց պիտի մնայ մինչեւ Մայիս 3, կ.ե. ժամը 1էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:
Ինչպէս հաղորդած էինք, զանազան ամերիկեան եւ եւրոպական լրատուամիջոցներ Մարտ 7-8ին անդրադարձած էին Փինաճեանի ստեղծագործութիւնները բացայայտած Թամըս Շուլցի եւ Լերի Ճոզէֆի պատմութեան: Անոնք Փինաճեանի Լոնկ Պիչի (Նիւ Եորք) բնակարանը 2007ին գնած էին 300,000 տոլարով ու հոն գտած հազարաւոր գործեր, որոնք ըստ արուեստի մասնագէտներու, կրնան մինչեւ 30 միլիոն տոլար արժել: Գեղարուեստի մասնագէտներու խմբակ մը նաեւ Փինաճեանի կեանքն ու գործերը ուսումնասիրած է, եւ իբրեւ արդիւնք՝ լոյս տեսած է «Փինաճեան. Վերացականութեան բացայայտուած վարպետը» հատորը:
Յայտնենք, թէ Փինաճեանի ստեղծագործութիւնները 2010էն ի վեր տարբեր առիթներով ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ներառեալ՝ Պըրպենքի «Զօրայեան» թանգարանի ու Լա Քրեսենթայի «Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահին մէջ: Ցուցահանդէսներուն վերջինը տեղի ունեցաւ Փետրուար 13էն Մարտ 10ի միջեւ, Նիւ Եորքի «Ֆուլըր» շէնքը գտնուող «Էնթիքուորում» ցուցադրասրահին մէջ:
Փինաճեան իր կեանքի ընթացքին ծախու չէր հանած իր գործերը եւ խնդրած էր, որ անոնք փճացուին իր մահէն ետք: Ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար դիմել «Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահի վարիչ Լինտա Ստեփանեանին, (818) 790-4905 թիւով կամ
arthurpinajian@stephaniesartgallery.com հասցէով: